2011-Ի ԱՂՋԿԱՆՑ ՄՈՆՏԻԱԼ. ՏԻՏՂՈՍԱԿԻՐ ԳԵՐՄԱՆԻԱ, ՊՐԱԶԻԼ, ԱՆԳԼԻԱ ԵՒ ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԷՆ
Երէկ, ինչպէս նաեւ նախանցեալ օր, Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցան 2011-ի աղջկանց Մոնտիալի քառորդ աւարտականի մրցումները:
Տիտղոսակիր Գերմանիա, որ կը փորձէր յաջորդաբար երրորդ անգամ ըլլալով տիրանալ տիտղոսին, երկարաձգման ընթացքին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Ճափոնէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Անոր օրինակին հետեւեցան նաեւ Պրազիլ, Անգլիա եւ Աւստրալիա:
Պրազիլ փենալթիներով 5-3 արդիւնքով պարտուեցաւ Միացեալ Նահանգներէն: Մրցումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով: Նոյն ճակատագիրին ենթարկուեցաւ նաեւ Անգլիա, որ փենալթիներով (4-3) պարտուեցաւ Ֆրանսայէն (մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով): Վերջապէս Շուէտ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Աւստրալիոյ:
Կիսաւարտականի մրցումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան երկու օր ետք, Ֆրանսա կը մրցի Միացեալ Նահանգներու դէմ, իսկ Ճափոն` Շուէտի դէմ:
CATEGORIES Մարզական

