Նախիջեւանի Սահմանին Վրայ Հայկական Բանակը Յառաջացած Է 100 Քառակուսի Քիլոմեթր

1107_Nakhijevan-21107_Nakhijevan-1Յունիսի սկիզբը ազրպէյճանցիներուն համար անսպասելի եւ անակնկալ զինուորական արագընթաց գործողութեամբ մը, հայկական բանակը Նախիջեւանի սահմանին վրայ յառաջացաւ եւ իշխող դիրքեր ու բարձունքներ գրաւեց: Հայկական կողմին վերահսկողութեան տակ անցաւ հարիւր քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն, որ մինչ այդ վերահսկման տակ չէր բարդ աշխարհագրութեան եւ կլիմայական պայմաններու պատճառով: Յիշեցնենք, որ քարտեսով այդ տարածութիւնը Հայաստանի տարածք է, սակայն մշտական զինուորական դիրքեր եւ պահակակէտեր չկային հոն:

Հեռուն Նախիջեւան քաղաքը հայկական դիրքերէն դիտուած

Հեռուն Նախիջեւան քաղաքը հայկական դիրքերէն դիտուած

Ազրպէյճանցիներու դիրքերը

Ազրպէյճանցիներու դիրքերը

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար զօրավար Զաքիր Հասանովը, յունիս 25-ին ազրպէյճանական «ԱՆՍ» գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները իսկապէս նոր դիրքեր հաստատած են սահմանագիծին վրայ:

«Ռազմինֆօ» լրատուական ցանցը վերջերս հրապարակեց հետեւեալ լուսանկարները, որոնք  ցոյց կու տան, թէ հայկական պահակակէտերը որքան աւելի նպաստաւոր եւ բարձր դիրքի վրայ են: Ազրպէյճանական զինուորներու խրամատներու մէջը յստակօրէն կը տեսնուի հայկական նոր դիրքերէն:

Նախիջեւան քաղաքը այս դրութեամբ կը գտնուի հայկական սահմանէն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: «Ռազմինֆօ»- լուսանկարները` Կարէն Վրթանեսեանի:

1107_Nakhijevan-5

Share this Article
CATEGORIES