Յուշատետր. Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ (313). Ակնոցը

Ռ. Հ. 

Որոշ տարիքէ մը վերջ մարդիկ կը ստիպուին ակնոց գործածել: Թէեւ ութ տասը տարեկանէն սկսեալ ակնոց գործածող մանուկներ ալ կան, բայց ընդհանրապէս որոշ տարիքէ մը վերջ է, որ ակնոցը գրեթէ ստիպողական կը դառնայ: Կը նշանակէ, որ տարիներու ընթացքին բան մը փոխուած է աչքին մէջ, եւ հիմա մարդ ակնոցի մը պէտք ունի հեռուն կամ մօտիկը տեսնելու համար: Ակնոցը աչքին լաւագոյն օգնականն ու ընկերն է: Մեր քաղաքակիրթ աշխարհը ստեղծեց նաեւ անտեսանելի ակնոց մը: Ատիկա «լենս» կոչուած ապակին կամ ոսպնեակն է, որ աչքին վրայ կը  դրուի, եւ որով կը բարելաւուի  տեսողութեան որակը: Այս ոսպնեակը անշուշտ անտեսանելի ակնոց մըն է:

Ակնոցը իր հեղինակութիւնը չէ կորսնցուցած եւ որոշ տարիքէ մը վերջ ան մարդոց ամէնէն շատ փնտռած իրեղէններէն մէկը դարձած է: Ոմանց գործը ալ աւելի դժուարացած է, որովհետեւ կը գործածեն երկու-երեք տեսակ ակնոց, մէկը մօտիկի, մէկը հեռուի, մէկը արեւի համար եւ այլն: Կրնանք մեր շուրջ տեսնել մարդիկ, որոնք շարունակ իրենց ակնոցը կը փնտռեն: Եւ քանի որ աչքը շատ բան տեսնելով հանդերձ, ինքզինք չի կրնար տեսնել, ոմանք ալ ակնոց կը փնտռեն, հակառակ որ այդ ակնոցը արդէն իրենց քթին վրայ է:

Հին շարժանկարներու կամ հին վէպերու մէջ կը տեսնէինք կամ կը կարդայինք մարդոց մասին, որոնք միայն մէկ ապակի կը դնէին իրենց աչքին առջեւ: Ֆրանսերէնով «մոնոքլ»: Հայերէնը կա՞յ: Այդ ապակին կը բռնուէր աչքին մկաններուն շնորհիւ: Կ՛երեւի, թէ բաւական վարպետութիւն պէտք էր այդ մէկ ապակիով ակնոցը գործածելու համար: Մէկ ապակիով ակնոցը պատմութենէն սրբուած է:

Բայց մեր աչքը տեսողութեան դաշտէն ներս ակնոցէն տարբեր օգնականներ ալ ունի: Օրինակ` «Դիտակ»-ը: Հեռաւոր տեսարանի մը մանրամասնութիւնները մեր նստած տեղէն տեսնելու համար դիտակի մը պէտք ունինք: Հրաշագործ է դիտակը: Բայց մարդ որքա՞ն յաճախ կը ստիպուի դիտակ գործածել: Աշխարհի վրայ սա պահուն ի՞նչ է թիւը այն մարդոց, որոնք մէկ անգամ իսկ դիտակ չեն գործածած: Զբօսաշրջութիւնը սիրողներ երբեմն տեսարժան վայրեր այցելելու ընթացքին բարձրադիր կէտերու վրայ դրուած հասարակաց դիտակներ կը տեսնեն: Դրամ կը նետես գործիքին մէջ, ու ան կը սկսի քեզի ցոյց տալ հեռաւոր տեսարաններ:

Բայց կան նիւթեր կամ մարմիններ, որոնք այնքան հեռու են, որ դիտակով ալ չեն տեսնուիր: Մասնաւորաբար` երկնային մարմիններ, սկսելով աստղերէն: Ասոնց համար ալ կը գործածենք ո՛չ թէ դիտակ, այլ` հեռադիտակ կամ հեռադէտ: Բառարանը ունի «Աստղադիտակ» բառն ալ, որմէ ծնունդ առած է «Աստղադիտարան» բառը, մեզի ամէնէն առաջ յիշեցնելով Բիւրականի աստղադիտարանը: Բայց գլխաւոր բառը «Հեռադիտակ»-ն է: Հեռադիտակը աստղագիտութեան հիմը կը կազմէ:

Հեռադիտակը աստղագիտութեան հիմը կը կազմէ, բայց գիտնական ըլլալու պէտք չունինք, որպէսզի հասկնանք, որ ամէնէն հզօր հեռադիտակներուն տեսածներէն, ալ անդին կայ անսահման տիեզերք մը, որ առ այժմ մեզի համար անտեսանելի է եւ կը պահէ ամբողջ իր խորհուրդը: Օր մը զանոնք եւս պիտի կարենա՞նք տեսնել մեր նստած տեղէն սա կամ նա գործիքով, չեմ գիտեր:

Բայց մեզի անտեսանելի հեռաւոր մարմիններու կողքին, մեզի անտեսանելի մօտիկ մարմիններ ալ կան, որոնք անտեսանելի են անոր համար, որ չափազանց փոքրիկ են եւ «մերկ աչքով» տեսանելի չեն: Ասոնց համար ալ կը գործածենք «Մանրադիտակ» կոչուած գործիքը: Ասիկա կը մեծցնէ դիտուած մարմինին պատկերը ու տեսանելի կը դարձնէ զայն: Հրաշագործ գործիք մըն է այս, որ մեզի անտեսանելի աշխարհ մը ինչ-ինչ խորհուրդներ կը բանայ: Եւ եթէ հեռադիտակը աստղագիտութեան հիմը կը կազմէր. մանրադիտակն ալ կենսագիտութեան կամ բնական գիտութիւններու հիմը կը կազմէ:

Օդանաւներուն, կարծեմ նաեւ նաւերուն կողմէ գործածուած գործիք մը կայ, որ նմանապէս աչքին շատ կարեւոր մէկ օգնականն է: Ասիկա «Ռատար» կոչուած գործիքն է, որ օդաչուին կամ նաւապետին ցոյց կու տայ շուրջբոլորի մարմինները: «Ռատար»-ին ալ հայերէնը չունինք ապահովաբար:

Մեր աչքերուն օգնող գործիքներու շարքը աւարտին բերելու համար յիշեմ գործիք մըն ալ, որուն եւս հայերէնը ես չունիմ: Փերիսքոփ: Ասիկա այն դիտակն է, զոր ընդծովեան կը գործածէ, երբ կ՛իջնէ ջուրին տակ:

Գիտական աշխարհէն եթէ ոստում մը ընենք դէպի բանաստեղծութեան աշխարհ, պիտի կարդանք Զարեհ Խրախունիին «Ակնոցներ» խորագրեալ բանաստեղծութեան առաջին ու վերջին քանի մը տողերը:

Ուշ գիշերին – երբ անկողին կը մտնեմ
Նախքան գոցելն աչքերս ու լոյսը սնարիս
Աչքի լոյսիս պէս պահպանուած
աչքիս լոյսին պայծառութեան հոգատար
Զոյգ ակնոցներս կը մաքրեմ
Լամբարիս տակ կը դնեմ
որ մութին մէջ – ու մթին
անդունդն ի վար խոր քունիս
պիշ պիշ յառին, դիտեն զիս
նային ինծի` ինձմէ ներս:
Ի՞նչ կը տեսնեն – ի՞նչ կ՛երեւի –
Առեղծուած: – Միայն թէ
Եւ դեռ քնատ ձեռք կ՛երկարեմ ակնոցիս
Կը տեսնեմ թէ փոշոտեր է, աղտոտեր –
Կարծես թէ ան ողջ գիշերն է գործածուեր…:

Այո: Ակնոցը: Շատերու աչքին լոյսը:

Share this Article
CATEGORIES