«Սօ» Թէ… Բամբասա՞նք Թէ…
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Արեւմտահայերէնը մաքուր պահելու ջանքեր կը տարուին, բայց մեր լեզուն աղաւաղողները բազմացած են: Օտար բառեր կը ներմուծեն իբր թէ արտայայտելու համար իրենց լեզուագիտութիւնը, կամ` հաստատելու իրենց օտարամոլութիւնը:
Անգլերէնը յառաջընթաց կ՛արձանագրէ հետզհետէ, մասնաւորաբար` համակարգիչի օգտագործման զարգացումէն ի վեր:
Տարիներ առաջ սկսած կարգ մը «անմեղ» անգլերէն բառերուն վրայ այսօր աւելցած է նաեւ նոր բառ մը:
Ընտելացած էինք, կամայ-ակամայ, «թենք եու» «պայ-պայ», «օքէյ», «մայ կատ», «թէյք քեր» բառերուն: Ներկայիս ի պատուի է մէկ վանկով բառ մը` «սօ»: Այս բառը յաճախ կը լսենք բարեկամական պարզ խօսակցութիւններու եւ ձայնասփիւռէն լսուած զրոյցներու ընթացքին:
Այնքան ատեն, որ մեր լեզուին մէջ մուտք կը գործեն օտար բառեր, մեր լեզուն կը կորսնցնէ իր անաղարտ շնորհը:
Փոխանակ ըսելու` ուրեմն կամ հետեւաբար, կ՛ըսեն` սօ…
* * *
Զբաղ
Կը հեռաձայնենք հաստատութեան մը, դպրոցի մը կամ պաշտօնական անձնաւորութեան մը գրասենեակը: Հեռաձայնին պատասխանող քարտուղարուհին կը պատասխանէ, թէ ուզուած անձը այդ պահուն զբաղ է…
Չենք հասկցած մինչեւ հիմա, թէ ուրկէ ծնունդ առած է այս զբաղը: Փոխանակ ըսելու ճիշդ հայերէնով` զբաղած է, կ՛ըսեն` «զբաղ» է:
Կը խնդրուի մաքուր պահել մեր մայրենին…
* * *
Օտար Լեզու Սորվելու Համար…
Հայաստանի պատկերասփիւռներու կայաններու ներկայացուցած յայտագիրներուն կը հետեւի համայն հայութիւնը, աշխարհի ո՛ր ծայրամասին ալ ըլլայ: Այս յայտագիրներուն ընթացքին կը ներկայացուին հարցազրոյցներ, զանազան հանդիսութիւններ, ներկայացումներ եւ այլն:
Պիտի արձանագրենք ռուսերէն բառեր, որոնք ունին հայերէնը, շատ յստակ եւ պարզ: Ինչո՞ւ մեր մեսրոպաշունչ բառերը կ՛անտեսեն մեր հայաստանցի քոյրերն ու եղբայրները, չենք հասկնար:
Հետեւեցէք, եթէ կ՛ուզէք ձեր ռուսերէնը զարգացնել:
Փրոպլեմ, որ կը նշանակէ խնդիր, հարց:
Էմոցիոնալ (յուզիչ կամ յուզական):
Նորմալ (բնական):
Փրոցես (գործընթաց):
Պոէզիա (բանաստեղծութիւն):
Քոմփոզիցիա (բաղկացած):
Քոնֆլիքթ (վէճ, վիճարկում):
Ինթիւցիա (ներիմացում):
Ռեսթորացիա (նորոգել):
Մոնիւմենթալ (կոթողային):
Օպիեքթիվ (առարկայական):
Սիւպիեքթիւ (ենթակայական) եւ տակաւին բազում ռուսերէն բառեր:
Այս ձեւով հայոց լեզուն կ՛անշքանայ…
* * *
Մեկնարկ, Մեկնարկեց
Լեզուաբաններու պարտականութիւնն է մեր ուշադրութեան յանձնել սխալ եւ անտեղի օգտագործուած բառերը: Հայաստանի մէջ կան լեզուաբանական կամ լեզուագիտական ուսուցում կատարողներ: Հայերէնի պատկերասփիւռը պարբերաբար կը հրապարակէ այս կապակցութեամբ դասախօսական յայտագիրներ` այնքան ուսանելի, այնքա՛ն շինիչ եւ դաստիարակիչ: Անոնք կը մատնանշեն Հայաստանի մէջ լեզուական անընդունելի խախտումները: Լեզուի մասնագէտները անընդունելի կը նկատեն բարբառին խառնուրդ աշխարհաբար մը, եւ կը թելադրեն մաքուր պահել մայրենին, արեւելահայերէնը:
Եթէ արեւմտահայերէն խօսող սփիւռքահայ մեր հայրենակիցները անդրադառնան մեր լեզուին մէջ ներկայիս տիրապետող ծուռ, անիմաստ, դուրսէն ներածուած, յաճախ օտար լեզուներու հետ մտերմութեան մէջ մտած լեզուական խառնաշփոթը, որուն մասին արտայայտուողներ կան ու չկան:
Օրինակի համար` սփիւռքահայերու ականջին հասած է արեւմտահայերէնի վտանգուած ըլլալը, բայց տեսնուածն այն է, որ մերոնք այդ մասին մտածած չունին եւ հետզհետէ նոր ջանքեր կը թափեն արեւմտահայերէնէ ներս հիւրընկալելու արեւելահայերէն բառեր: Քանիցս կրկնած ենք եւ անգամ մը եւս ըսենք. մենք կը սիրենք, որ արեւելահայերէնը պահպանուի իր հարազատութեամբ, հեռու օտարամուտ կամ ծուռ բարբառներու ներմուծումէ: Նոյնն է պարագան մեր արեւմտահայերէնին: Ինչո՞ւ չենք ուզեր անարատ պահել լեզուի այս տեսակն ալ: Ինչո՞ւ արեւելահայերէն բառեր կը շարենք արեւմտահայերէնի նախադասութիւններու հետ:
Վերջին ամիսներուն աւելի շեշտուեցաւ մեկնարկ բառին օգտագործումը, մասնաւորաբար մեր հրապարակային պաշտօն ստանձնած պատկերասփիւռի, ձայնասփիւռի, նաեւ մամուլի էջերուն:
Օրինակ մը տանք. Մեկնարկ բառը, որ կը նշանակէ սկսիլ որեւէ աշխատանք, կամ ձեռնարկ, մոռցած ենք սկսիլ, սկսաւ բառերը, զանոնք դուրս վտարած ենք մեր բառարաններէն, եւ կ՛ըսեն. մեկնարկեց այնինչ ձեռնարկը: Ներկայիս մոտա է մոնտիալ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները ծանօթացնելը, անոնց մրցման ժամերը յայտարարելը: Եթէ մրցումը սկսի, չենք ըսեր սկսաւ, այլ մեկնարկեց:
Մեզի այնպէս կը թուի, թէ «մեկնարկեց» բառին դիմելով` անոնք կը նկատուին լաւ հայերէն գիտցող անձեր, հայրենասէրներ, իբր թէ նորութիւն ներմուծողներ:
Արդեօք զո՞ւր տեղ կը յանձնարարենք մաքուր պահել մայրենին: Մեր աշխարհաբարը մեսրոպաշունչը կը ներշնչէ մեզի, ուրեմն ինչո՞ւ մոռնանք:
Մեկնարկ, մեկնարկեց, մեկնարկել, եւ այլն: Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի կամ Հայաստանի քայլերգներով: Մեկնարկե՞ցը աւելի հմայիչ կը նկատեն: Ի՞նչ վնաս կրած ենք, երբ մինչեւ օրս մեր հանդէսները կը սկսէին եւ ոչ թէ կը մեկնարկէին: Մեկնարկել բայը արեւմտահայերը գիտեն, լաւ կը հասկնան իմաստը, տեղին կ՛օգտագործեն: Այս անիմաստ մեկնարկները պէտք է մոռցուին:

