Ռոպերթ Լեւանտովսքի` Պայէրն Միւնիխի Ֆութպոլիստ
Ինչպէս բոլորին ծանօթ է, 2014 տարուան սկիզբը յստակացաւ, որ Պորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Պայէրն Միւնիխի հետ:
Տորթմունտի հետ անոր ստորագրած պայմանագրութիւնը աւարտեցաւ ամիս մը առաջ, եւ ան դարձաւ Պայէրն Միւնիխի նորեկ մարզիկը:
Պաշտօնական հանդիսութեան մը ընթացքին, Գերմանիոյ ախոյեանը ներկայացուց իր նոր մարզիկը` մարզական լրագրողներուն եւ հանրութեան:
Ան իր նոր ակումբին հետ «Պունտըսլիկա»-ի 2014-2015 տարեշրջանին պիտի կրէ թիւ 9 շապիկը:
CATEGORIES Մարզական

