Արաբական Էմիրութիւնները Լրտեսութեան Ամբաստանութեամբ Երկու Քաթարցիներ Ձերբակալած Են

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ Քաթարի երկու քաղաքացիներ ձերբակալուած են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ: Էմիրութիւններուն մէջ լոյս տեսնող օրաթերթ մը նախապէս հաղորդած էր, որ «քաթարական գաղտնի սպասարկութեան անդամներ» ձերբակալուած են:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Քաթարի դեսպանին պարտականութիւն տրուած է կապ հաստատել առնչակից իշխանութեանց հետ` Քաթարի քաղաքացիներ Համատ Ալի Համատիի եւ Եուսուֆ Ապտել Սամատ Մուլլայի ճակատագիրին մասին բացատրութիւն պահանջելու համար:

Share this Article
CATEGORIES