Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի դատախազներէն Իմատ Զէյն երէկ հարցաքննելէ ետք Պ. Մ. սկզբնատառերը կրող անունով սուրիացի քաղաքացի մը, զայն ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-ի մաս կազմելու յանցանքով:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի կոչ ուղղեց սուրիացի գաղթականները Լիբանանի մէջ ընդունելուն վերջ տալու եւ կազմակերպելու Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն Սուրիա տունդարձը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձերը վճարելու որոշումը պիտի չստորագրէ, եթէ այդ իմաստով յստակ օրէնք մը չըլլայ: Ան շեշտեց, որ պետական պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերուն շրջագիծին մէջ հազարաւոր տոլարի ապօրինութիւն կայ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը պատրաստ է երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա մերժեց Թրիփոլիի մէջ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ կատարուող ձերբակալումները:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումները աննախատեսելի են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդային համագումարի նախագահ Քամալ Շաթիլա յայտնեց, որ քրիստոնեաները թիրախ դարձնող որեւէ արարք իսլամ կրօնին հետ կապ չունի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի յայտնեց, որ Կազայի մէջ պատահածը մարդկութեան դէմ ոճիր կը նկատուի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտարարութեան մը մէջ շեշտեց, որ ոմանք քաղաքական հաշիւներով կը փորձեն խանգարել խորհրդարանի աշխատանքին ընթացքը:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական աթոռին թափուր մնալը իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ նաեւ խորհրդարանին վրայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ պաղեստինեան Համաս շարժումի նախագահ Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ իսրայէլեան գործողութիւնները նման թափով շարունակուելու պարագային, պիտի արձանագրուին նաեւ յաւելեալ անակնկալներ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Թրիփոլին կրնայ վերածուիլ տեղական եւ շրջանային պատգամներ փոխանցելու վայրի մը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ զգուշացուց Թրիփոլիի դէմ պատրաստուող բեմագրութենէ մը` կոչ ուղղելով դատական իշխանութիւններուն, որ բոլոր ձերբակալեալները արդար դատավարութիւններու ենթարկէ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ կոչ ուղղեց ամէնէն մօտիկ ապագային ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, ինչպէս նաեւ մշակելու ընտրական արդար օրէնք մը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ իրենք խորհրդարանի նիստերուն մասնակցութիւնը վեթոյի չեն ենթարկած, պայմանով որ խորհրդարանին կատարելիք աշխատանքները սահմանափակ ըլլան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ սահմանադրական ժամկէտներուն շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահ մը չընտրելու պարագան պատճառ դարձած է արտաքին միջամտութեանց:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ մնայուն կերպով գործադրուած անտեսումի քաղաքականութիւնը պատճառ դարձած է սուրիացի գաղթականներու անկանոն գաղթակայաններու յառաջացումին:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Ֆիթրի տօնէն ետք Լիբանանի մէջ պիտի արձանագրուին քաղաքական իրերայաջորդ իրադարձութիւններ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան կարելիութիւնը ցարդ նորութիւն մը չէ արձանագրած, իսկ խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշում մը չկայ տակաւին:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին կողմէ առաջադրուած նախաձեռնութիւնը ուղղակի պատասխան մըն է Լիբանանի վրայ պարտադրուող արտաքին ճնշումներուն դէմ:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ երկխօսութիւնը երբեք խորհրդարանին աշխատանքներուն չէ անդրադարձած:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Հիւսէյն Մուսաուի շեշտեց, որ Իսրայէլ պաղեստինցիներուն դէմ քաղաքական եւ զինուորական սպանդներ կը գործէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES