«Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Զօրակցի Լիբանանի Գերիշխանութեան» Շեշտեց Փլամպլի

1007-plumblyԼիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի երէկ շեշտեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կը զօրակցի Լիբանանի գերիշխանութեան, ապահովութեան եւ հողային ամբողջականութեան` նկատի ունենալով անոր դէմ սպառնացող ահաբեկչական մարտահրաւէրները:

Փլամպլի հաստատեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը կը զօրակցի նաեւ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած չէզոք քաղաքականութեան` աւելցնելով, որ խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն` ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը:

Share this Article
CATEGORIES