Մաշնուք Նոր Պայթումներ Կը Նախատեսէ
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի արձանագրած յաջողութիւնները ամրապնդած են Լիբանանի ծայրայեղականներուն մտածումները, ինչպէս նաեւ ընդգծած, որ Պէյրութի մէջ ծայրայեղական այս խմբաւորումը առաջին անգամ ըլլալով է, որ բացայայտուած է, սակայն անոր գոյութիւնն ու կատարելիք հաւանական արարքները կանխարգիլուած են Լիբանանի ապահովական կառոյցին կողմէ:
Այս շրջագիծին մէջ Մաշնուք նոր պայթումներ նախատեսեց Լիբանանի մէջ` աւելցնելով, որ երկրին մէջ անվտանգութեան վերահաստատումը այնքան ալ արագ պիտի չըլլայ` նկատի ունենալով քաղաքական աննպաստ եւ ապակայուն իրավիճակը:
Մաշնուքի նախատեսութեամբ Լիբանանի նախագահական աթոռը նուազագոյնը վեց ամսուան համար թափուր պիտի մնայ` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը զուտ լիբանանեան պարտաւորութիւն մը չէ, որպէսզի այդ մէկը շուտով իրականանայ:

