Մերեհպի. «Բանակն Ու Անոր Հրամանատարը Ձախող Են»
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին ամբաստանեց սիւննի համայնքին արիւնահեղութեան ընդմէջէն նախագահական աթոռին հասնիլ փորձելու յանցանքով:
Ան շեշտեց, որ Ռումիէի բանտին մէջ արձանագրուած շարժումները լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան եւ զօր. Ժան Քահուաժիի արարքները կը նկատուին` աւելցնելով, որ բանակի հրամանատարը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու համար:
«ՊԻՆԱ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Մերեհպի շեշտեց, որ բանակին հրամանատարութիւնն ու բարձրաստիճան զինուորականները, որոնք ձախողեցան Թրիփոլիի մէջ իրենց ուժերը վերադասաւորել, իրենք պէտք է բանտարկուին եւ ոչ թէ անոնք, որոնք իրենց քաղաքը կը պաշտպանէին:
Մերեհպի նշեց, որ բանակը իր ուսերուն վերցուց շէյխերը սպաննելու «պարտականութիւն»-ը եւ ոչ թէ արձակազէնները թիրախ դարձնելու հարկադրանքը:

