Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Զօր. Քահուաժին

Զօր. Քահուաժի եւ Ռայի պատրիարքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս բանակին կողմէ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները` պահպանելու համար Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը:
Զօր. Քահուաժի Ռայի պատրիարքին ներկայացուց բանակին եւ լիբանանեան ապահովական ուժերուն միջեւ աշխատանքն ու գործակցութիւնը համադրելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով ոչ մէկ ճիգ կը խնայուի:
Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, Ռայի պատրիարքը կը մերժէ նախագահական աթոռի թափուր մնալու ընթացքին երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել:
Ռայի պատրիարքը հաստատած է, որ Պքերքէի համար նախագահական ընտրութիւնը առաջնահերթութիւն է, ապա անոր կը յաջորդեն սահմանադրական մնացեալ պարտաւորութիւնները:

