Միացեալ Նահանգներ Պատժամիջոցներ Կ՛որդեգրեն Հըզպալլայի Դէմ

WO-AS965_HEZBOL_G_20140710182928Միացեալ Նահանգներ երէկ պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ Հըզպալլայի դէմ նոր պատժամիջոցներ որդեգրած են:

Այս շրջագիծին մէջ, Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ պարտադրեցին Պէյրութի «Սթարզ կրուփ հոլտինկ» ելեկտրոնային պիտոյքի ընկերութեան դէմ` պատճառաբանելով, որ Հըզպալլա այդ ընկերութենէն կը գնէ ելեկտրոնային իրեր, որոնք կ՛օգտագործուին հզօրացնելու համար իր զինուորական կարողութիւնները, ինչպէս` առանց օդաչուի օդանաւեր ունենալու կարելիութիւնը:

«Սթարզ կրուփ հոլտինկ»-ի տնօրէնը հերքեց ընկերութեան դէմ որդեգրուած պատժամիջոցները, որոնք պաշտօնապէս տակաւին չեն ներկայացուած: Ան աւելցուց, որ «Սթարզ կրուփ հոլտինկ» կը վաճառէ բջիջային հեռաձայնի ընկալուչներ եւ բջիջային հեռաձայնի յատուկ կանխիկ վճարում ապահովող քարտեր:

Share this Article
CATEGORIES