Կառավարութիւնը Լիբանանեան Համալսարանի Թղթածրարը Յետաձգեց Եւ Պաղեստինցի Ժողովուրդին Զօրակցութիւն Յայտնեց
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն եւ նախագահներուն թղթածրարը լուրջ քննարկումի արժանացաւ եւ կառավարութիւնը անոր կէտերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացուց:
Ժրէյժ աւելցուց նաեւ, որ կառավարութիւնը որոշեց Լիբանանեան համալսարանի թղթածրարին քննարկումը յետաձգել իր յաջորդ նիստին:
Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը խստիւ դատապարտեց Այսրյորդանանի եւ Կազայի դէմ գործուած իսրայէլեան յարձակումները, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց պաղեստինցի ժողովուրդին` պահանջելով Արաբական լիկայէն զօրակցիլ պաղեստինցիներուն եւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց անմիջապէս միջամտելու` կասեցնելու համար զինեալ բախումները:
Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետը դարձեալ շեշտած է հանրապետութեան նախագահը ընտրելու կարեւորութիւնը` զայն նկատելով կարեւոր տարր մը` երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը շարունակելու:
Ժրէյժ նշեց, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ հինգշաբթի, 17 յուլիս 2014-ին:
Նիստէն ետք կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ նիստին աւարտին յստակ դարձաւ, որ ոչ ոք նկատի ունեցած է կրթութեան նախարարութեան առաջադրած աշխատանքային մեքանիզմը:
Ապու Սաապ նշեց նաեւ, որ կարելի չէ Լիբանանեան համալսարանի նախագահներ նշանակելու եւ դասախօսները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու թղթածրարները իրարմէ անջատել:
«Լիբանանեան համալսարանի թղթածրարը մեր պատկերացուցածէն աւելի բարդ է, եւ ցաւ ի սիրտ ուսանողները պիտի չկարենան աւարտել իրենց քննութիւնները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարին լուծումը խոչընդոտող կողմերը պէտք է ակնկալեն համապատասխան արգելակումներ:
Նշենք, որ Լիբանանեան համալսարանի դասախօսները կառավարութեան նիստին զուգահեռ գործադրեցին բողոքի նստացոյց մը` Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ, պահանջելով ազգային շահերու կառավարութենէն կատարել իրենց պահանջները:
Նստացոյցին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն, որ շեշտեց Լիբանանեան համալսարանի ապագային նկատմամբ իր յանձնառութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա երկրին ազգային համալսարանն է:
Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան վաւերացնելու Լիբանանեան համալսարանի դասախօսները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու պահանջը:
Սէյիտ Հիւսէյն յայտնեց, որ այսօր պիտի գումարուի նիստ մը` Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն եւ նախագահներուն հետ, որդեգրելու համար յաջորդ հանգրուանին գործադրուելիք մագլցողական քայլերը:

