«Ակօս»-ի Կայքին Վրայ Յարձակողները Կը Սպառնան Բնաջնջել Հայերը
Պոլսոյ «Ակօս» երկլեզու շաբաթաթերթի համացանցային կայքը ենթարկուած է կայքահէններու յարձակումին: Կայքահէնները հոն տեղադրած են Թուրքիոյ վարչապետ, նախագահի թեկնածու Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի լուսանկարը, գրած են հայատեաց արտայայտութիւններ, իսկ գովեստի խօսքեր` Էրտողանի հասցէին:
«Մենք շատ տեսած ենք ձեզի պէս դաւաճաններ: Գիտենք ձեր ըրածներն ու ընելիքները: Բայց ասկէ ետք մենք պիտի ըլլանք կացութեան տիրողը: Օսմանեան մեծ պետութիւնը` առաջնորդ Էրտողանի հետ միասին, պիտի վերածնի: Այս ձայնը օսմանցիի ըմբոստ ձայնն է` ընդդէմ Հայաստանի, ընդդէմ Միացեալ Նահանգներու, ընդդէմ Իսրայէլի: Ձեր արմատները պիտի չորցնենք», նշուած է «Ակօս»-ի կայքին վրայ զետեղուած հաղորդագրութեան մէջ:
Հոն ակնարկութիւն կայ նաեւ «Ակօս»-ի հիմնադիր խմբագրապետ Հրանդ Տինքի մասին: «Ոմանք տակաւին Հրանդ Տինքի մասի՞ն կը խօսին: Մի՛ մոռնաք` աշխարհի մէջ եթէ նոյնիսկ մէկ թուրք մնայ, ձեզ պիտի հետապնդէ»:
Թրքական շարք մը լրատուամիջոցներ «Ակօս»-ի վրայ կատարուած այս յարձակումը որակած են իբրեւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ քաղաքական նպատակներ հետապնդող յարձակում:
«Ակօս»-ի կայքը աւելի ուշ վերադարձած է իր սովորական գործունէութեան` վտարելով կայքահէնները:

