Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ. Քննարկուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Ձեռնարկներուն Վերաբերեալ Հարցեր
8 յուլիսին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեան հանդիպում մը ունեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի Օրէնսդիր ժողովի ղեկավար Վիաչեսլաւ Մակարովի հետ:
Հանդիպումին կը մասնակցէին նաեւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսի օգնական Արտակ Գաբրիէլեան, հայ համայնքի նախագահ Կարէն Մկրտչեան, Օրէնսդիր ժողովի ղեկավարի խորհրդական Վաթանեառ Եակիա եւ Ս. Փեթերսպուրկի Օրէնսդիր ժողովի արտաքին կապերու պետ Նարկիզ Ախատովա:
Ողջունելով գլխաւոր հիւպատոսը` Վիաչեսլաւ Մակարով պատմեց Օրէնսդիր մարմինի կառոյցին, կազմին, պատգամաւորներու աշխատանքներուն մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի իշխանութիւններուն միջազգային ատեաններուն մէջ Ռուսիոյ աջակցելու համար:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեան ներկայացուց Հայաստանի ներկայիս իրավիճակը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան 2014-2015 թուականի Ս. Փեթերսպուրկի հայ համայնքի եւ գլխաւոր հիւպատոսութեան կողմէ կազմակերպուելիք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն վերաբերեալ հարցեր:

