ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը «Խաղաղութիւն Եւրոպայի Մէջ» Համաժողովին
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 4-6 յուլիս 2014-ին Ս. Փեթերսպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ համաժողով` «Խաղաղութիւն Եւրոպայի մէջ» ընդհանուր խորագիրով:
Համաժողովը կազմակերպած էր Եւրոպական երիտասարդական ընկերվարականներ կազմակերպութիւնը` հիւրընկալութեամբ Ռուսիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական երիտասարդական միութեան:
Համաժողովին կը մասնակցէին ընկերվարական կուսակցութիւններու երիտասարդական միութիւններ` Հայաստանէն, Ուքրանիայէն, Լիբանանէն, Ֆինլանտայէն, Ֆրանսայէն, Իրլանտայէն, Պելճիքայէն, Պուլկարիայէն, Սերպիայէն, Գերմանիայէն եւ Չեխիայէն:
ՀՅԴ Երիտասարդականը Հայաստանէն կը մասնակցէր երկու ներկայացուցիչներով` Լուիզա Սարգսեան` Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւն եւ Հայկ Իգիթեան` Հայաստանի երիտասարդական միութիւն:
Օրակարգը կը ներառէր քննարկումներ Ուքրանիոյ ճգնաժամին, վերջինիս պատճառներուն եւ անոնց լուծումներու կարելիութեանց վերաբերեալ: Քննարկումները ունեցան բուռն եւ հետաքրքրական ընթացք: Բոլոր մասնակիցները ներկայացուցին իրենց դիրքորոշումները ճգնաժամի պատճառ հանդիսացող արտաքին եւ ներքին խնդիրներուն վերաբերեալ, առաջարկեցին այդ խնդիրներուն հաւանական լուծումներ:
ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները զուգահեռներ գծեցին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ուքրանիոյ հարցերուն միջեւ` խաղաղութեան կոչ ընելով եւ առաջարկելով շրջանային տագնապներու լուծման համար հիմք ընդունիլ ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը:
5 յուլիսին Ռուսիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական երիտասարդներու եւ Ուքրանիոյ Ընկերվարական երիտասարդներու միութիւններուն միջեւ ստորագրուեցաւ Ուքրանիոյ կարգավիճակին վերաբերեալ ընդհանուր բանաձեւ, որ կը ներառէր հետեւեալ կէտերը. դադրեցնել զինուորական գործողութիւնները Ուքրանիոյ Արեւելքը, դադրեցնել հակաուքրանական քարոզչութիւնը ռուսական զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ, Ռուսիա պէտք է հրաժարի Ուքրանիոյ նկատմամբ յարձակողական արտաքին քաղաքականութենէն:
ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները համաժողովի ծիրին մէջ ունեցան երկկողմանի հանդիպումներ տարբեր կազմակերպութիւններու պատուիրակութիւններուն հետ:
ՀՅԴ Երիտասարդականը Եւրոպական երիտասարդական ընկերվարականներ կազմակերպութեան անդամ է դէտի կարգավիճակով:
Համաժողովը աւարտեցաւ 6 յուլիսին:

