Արցախի Բանակը Կը Ձախողեցնէ Ազրպէյճանական Ներթափանցումի Փորձ Մը Եւս
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանէն (Քարվաճառի ուղղութիւն) ազրպէյճանցի հակառակորդը երէկ ձեռնարկեց հերթական հետախուզական ներթափանցման փորձին:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերուն կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք հակառակորդին հետախուզական խումբը ժամանակին յայտնաբերուեցաւ, անդամներուն մէկ մասը ձերբակալուեցաւ, իսկ մնացեալը դիմեցին փախուստի:
Գործողութեան իբրեւ արդիւնք հայկական կողմը կորուստներ չէ ունեցած:
CATEGORIES Հայկական

