«ՕԹԱՆ Իրաւունք Չունի Խոչընդոտելու Թուրքիոյ Ղարաբաղեան Տագնապին Մէջ Ներգրաւուելու Որոշումը» Կ՛ըսէ ՕԹԱՆ-ի Ներկայացուցիչը

ՕԹԱՆ-ի Հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան ներկայացուցիչ Տեսփինա Աֆենթուլի երէկ Հայաստան-ՕԹԱՆ համագործակցութեան 20-ամեակին առիթով մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՕԹԱՆ ինչպէ՛ս կը վերաբերի այս տարի նախատեսուող Թուրքիա – Ազրպէյճան զինուորական համաձայնագիրի ստորագրման, որու հիմամբ ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիան կը ներգրաւուի Ղարաբաղեան տագնապին մէջ` ներգրաւելով նաեւ ՕԹԱՆ-ը, յայտնեց, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրները, որոնց շարքին նաեւ Թուրքիան, իրաւունք ունին որոշելու իրենց արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները` որո՛ւ հետ առանձին զինուորական համաձայնագիր կնքել, որո՛ւ հետ` ոչ:

«Եթէ այդ անդամ երկիրներու արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները ՕԹԱՆ-ի հիմնական խնդիրին չեն հակասեր, խնդիր չկայ: Սակայն երբ անոնք ՕԹԱՆ-ի կ՛անդամակցին, պէտք է յարգեն ՕԹԱՆ-ի հիմնարար սկզբունքները», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ ՕԹԱՆ-ի հետ բոլոր գործընկերութիւններուն մէջ հաշուի առնուած են իւրաքանչիւր երկրի նրբութիւնները:

«Ի հարկէ, կայ ընդհանուր համագործակցութեան ձեւաչափ, սակայն իւրաքանչիւր գործընկեր երկիր ինքնուրոյն կ՛որոշէ համագործակցութեան մակարդակն ու համարկուելու չափը: Մենք կը յարգենք գործընկեր երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնն ու անկախութիւնը եւ այն երկիրները, որոնք գործընկերութիւն կը հաստատեն ՕԹԱՆ-ի հետ, իրենց անկախութիւնը չեն զիջիր եւ իրենց գործողութիւններուն մէջ կաշկանդուած չեն», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ յայտնի է, որ Ազրպէյճան չի ծածկեր Հայաստանի հետ պատերազմի սկսելու իր մտադրութիւնները, իսկ Թուրքիան անոր հետ զինուորական համաձայնագիր կը ստորագրէ, արդեօք չստացուի՞ր, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամը կը պատերազմի ՕԹԱՆ-ի անդամ երկրի հետ, ան ըսաւ. «Մենք նման հաշուարկ չունինք, որ նման բան կրնայ տեղի ունենալ: Միւս կողմէ, մենք գիտենք, որ տարակարծութիւններ ունին Թուրքիոյ հետ, ատիկա շատ յայտնի է: Անցեալին կար Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան հոլովոյթ, եւ մենք ատոր կը սատարէինք եւ կը շարունակենք ատիկա ընել», ըսաւ ան:

Share this Article
CATEGORIES