Արցախի Նախագահը Ընդունեց Սփիւռքահայ Գործարարներու Պատուիրակութիւնը

Հանդիպումէն պահ մը
Նախանցեալ օր Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Յովսէփեանի գլխաւորած ամերիկահայ գործարարներու պատուիրակութիւնը եւ անոր հետ քննարկեց Արցախի մէջ շարք մը ծրագիրներու իրականացման վերաբերեալ հարցեր:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատեց սփիւռքի ներդրումը Արցախի զարգացման գործին մէջ` արժեւորելով նաեւ սփիւռքահայ գործարարներուն դերը Արցախի ժամանակակից առեւտրական մշակոյթի ձեւաւորման մէջ:
Հանդիպումին կը մասնակցէին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Գէորգի Պետրոսեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

