ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՈՀԱՐԵԱՆ ՄԻԱՑԱՒ ԼՈՔՈՄՈԹԻՒ- 2-Ի

Յովհաննէս Գոհարեան

Փիւնիկ Երեւանի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Յովհաննէս Գոհարեան նախանցեալ օր միացաւ Մոսկուայի Լոքոմոթիւ-2 խումբին: Անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի այս տարեշրջանին վերջը:

Գոհարեան 2008-ին Լոքոմոթիւ Մոսկուայի հետ հանդիսացաւ Ռուսիոյ երիտասարդներու ախոյեանութեան լաւագոյն ռմբարկուն` նշանակելով 22 կոլ:

2009-2010 տարեշրջանին ան ՓԱԹԷի հետ հանդիսացաւ Պիելոռուսիոյ ախոյեան, բաժակակիր եւ գերբաժակակիր:

Ան 2010-ին Փիւնիկ Երեւանի հետ հանդիսացաւ Հայաստանի ախոյեան եւ բաժակակիր:

Վերջապէս, 2011-ին մաս կազմելով Իմփուլս Դիլիջանի, 9 մրցում կատարելով նշանակեց 4 կոլ:

Share this Article
CATEGORIES