Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Եկած է ժամանակը իրագործելու ձեր նիւթական խոստումը: Անմիջապէս յանձնեցէք այդ գումարը, որովհետեւ արդէն ուշացած էք: Այս ձեւով պիտի հանգստանաք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեզմէ խնդրուած օգնութիւնը տուէք` առանց երկար մտածելու: Եթէ նոյնիսկ կը կարծէք, թէ արժանի չէ այդ անձը ձեր օգնութեան, դուք բարիք ըրէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ծովային բարիքները շատ են, կարեւորը օգտուիլ գիտնալն է: Բացի անոր պարգեւած ձկնեղէններուն, լողալը, արեւին ջերմութիւնը, մաքուր օդը առողջութիւն եւ գոհունակութիւն կը պարգեւեն:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ նիւթական-դրամական կորուստ մը ունենաք, ոչ ոքի հանդէպ կարծիք մի՛ կազմէք` ամբաստանելով զայն: Ձեր կորսնցուցածը կրնաք գտնել շուտով:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Խաղաղ մնացէք անախորժ պատահարի մը պարագային: Խուճապի մատնուելու պէտք չկայ, հանդարտ մտածելով` կրնաք ճար մը գտնել պատահած անախորժ դէպքը մեղմելու:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մտաւորական աշխատանք մը պիտի յանձնուի ձեզի: Դժկամութեամբ պիտի ընդունիք, բայց հետագային ուրախ պիտի ըլլաք իրագործուած աշխատանքին համար:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ աշխատելու սկսած էք նոր միջավայրի մը մէջ, հապճեպ մի՛ կազմէք ձեր վերակացուին կամ գործակիցին մասին: Համբերեցէք, լաւ ճանչցէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ ձեզի յանձնուած են մանուկներ կամ պատանիներ, զանոնք դաստիարակելու համար պայման է ըլլալ ժպտուն, ոչ ջղային: Շուտ մի՛ բարկանաք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Օրուան ընթացքին պիտի հանդիպիք անձի մը,  զոր չէք ճանչնար, բայց ան ձեզի պիտի մօտենայ խնդրանքով մը: Եթէ մերժէք, քաղաքակավարութեամբ մերժեցէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր ներքին ձայնին հետեւեցէք, որ ձեր խիղճն է: Ուրիշներուն կատարած ամբաստանութիւնները մի՛ քաջալերէք, որպէսզի ակամայ մեղք չգործէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գլուխ գլխի հանդիպում մը պիտի ունենաք ձեր նոր ծանօթացած հակառակ սեռէն անձի մը հետ: Անկեղծ տրամադրութիւն ունեցէք, բայց խոստովանութիւն մի՛ ընէք անմիջապէս: Լաւ ճանչցէք ձեր խօսակիցը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մոռնալը մարդկային է, բայց երբ յաճախակի ըլլայ այդ մոռցաումը, կը վնասէ ձեր վարքին: Ջանացէք վստահութիւն ներշնչել ձեր շրջապատին:

Share this Article
CATEGORIES