50 Տարի Առաջ (12 Յուլիս 1964)

Մեր Ուժին Աղբիւրը

Գրեթէ եօթանասունհինգամեայ յաղթահասակ կաղնի` ՀՅ դաշնակցութիւնը իր թեւերը տարածած է հայ կեանքի բոլոր մարզերուն վրայ, պատմական իր նուիրական առաքելութեան խոր գիտացկութեամբ եւ ներքին ապրումովը այն դերին, որ վիճակուած է իրեն մեր Մեծ Երազի իրագործման ճամբուն վրայ:

Աւելի քան եօթը տասնամեակներու իր կեանքը մեր կուսակցութեան համար եղաւ պայքարի անվերջանալի շարք մը` յաղթանակներով եւ պարտութիւններով, յաջողութիւններով ու ձախողութիւններով: Տաք ու պաղ յաջորդեցին իրարու` կռանելով կամքը կազմակերպութեան մը, որուն անզուգական հիմնադիրները իրենց բարոյական վեհութեան կնիքը դրած էին ճակտին` գերազանցօրէն հայադրոշմ մկրտութեամբ մը:

Եօթանասուն եւ աւելի տարիներու ընթացքին ՀՅ դաշնակցութիւնը անցաւ կրակէ ճամբաներէն, տաժանքի ու անձնուիրութեան ուղիներէն եւ նոյն անսասան կամքով այսօր եւս կը շարունակէ իր ճամբան, ներքնապէս` ամուր ու միակամ, արտաքնապէս` հզօր ու վճռական, ի խնդիր բազմաչարչար ժողովուրդի մը արդար դատին եւ անոր հոգեկան բարձր արժէքներու նուիրագործման:

Ծնաւ հայ ժողովուրդի ծոցէն, հասակ նետեց ու մեծցաւ այդ ժողովուրդի ցաւին ու տառապանքին մէջ: Երբեք չանջատուեցաւ իր ժողովուրդէն, եղաւ անոր ծառան` ըլլալէ առաջ ղեկավարը, եղաւ անոր իտէալին դրօշակիրը` ըլլալէ առաջ քաղաքական այն կազմակերպութիւնը, որ անկախութեան եւ ազատութեան հորիզոնները լայն բացաւ վեց դարերու ստրկութեան մէջ թմրած բազմութիւններուն առջեւ:

Կենսունակութեան իր գաղտնիքը, ուժին իր աղբիւրը պէտք է փնտռել ոչ այլուր, քան` իր խիտ շարքերու կարգապահութեան մէջ, ընկերասիրութեան եւ անձնուրացութեան ոգիին մէջ, որ ամէնէն բախտորոշ պահերուն կը դառնայ տիրապետող, կը դառնայ հրամայական, կը դառնայ հրաւէր ու հրահանգ:

Շատեր փորձեցին պատմութեան փոշիներուն յանձնել մեր հզօր կազմակերպութիւնը: Ուրիշներ ժխտեցին անոր պատմական առաքելութիւնը: Եղան նոյնիսկ մարդիկ, որոնք յուղարկաւորութեան մեծաթափօր հանդէսներ սարքեցին` իրենց յաւակնութեան եւ սին պատրանքներուն չափ խոշոր տապանաքարի մը վրայ «Աստ հանգչի» արձանագրելու դիւային ցնծութեամբ:

Այդ բոլորը, սակայն, մնացին ապարդիւն: Բոլոր հաշիւներն ու դաւերը չկրցան հասնիլ իրենց նպատակին: Չկրցան խախտել միասնական ճակատը մեր կազմակերպութեան որ, ընդհակառակն,  տարուէ տարի աւելի ուռճացաւ, հետզհետէ հզօրացաւ դառնալու համար ազատատենչ հայութեան ամէնէն սրբազան զգացումներուն եւ ամէնէն նուիրական պահանջներուն անվկանդ արտայայտիչը, անոր անմար երազներուն իրականացման անդրդուելի ուխտաւորը:

Սերունդներ կու գան ու կ՛անցնին: Տերեւաթափը անյեղլի օրէնքով մեզմէ կը խլէ սիրելի ու նուիրականացած դէմքեր, բայց անդարձ մեկնողներուն տեղ կու գան նորեր, աւելի եւս կը խտանան շարքերը անձնուրացներու փաղանգին, նոյն անխախտ հաւատքով, զոհողութեան եւ պատրաստակամութեան նոյն երդումով, աւելի եւս ջլապինդ ու վճռական` շարունակելու համար պայքարը ժողովուրդի մը, որ իր բոլոր յոյսերն ու ապագան կապած է մեր քայլերուն, մեզմէ կը սպասէ ՄԵԾ ԽՈՍՏՈՒՄԻՆ իրականացումը:

Իր սրբազան առաքելութեան ճամբուն մէջ Դաշնակցութիւնը դադար պիտի չճանչնայ: Ա՛յս է իր ուխտը:

Հայ ժողովուրդի ծառայութեան գծով անիկա պիտի ըլլայ ամբողջական եւ անձնուրաց նուիրումի առաքեալը: Ա՛յս է իր կոչումը:

Պիտի հալածուի ու զրպարտուի հայութեան ոխերիմ թշնամիներուն կողմէ: Ա՛յս է իր ճակատագիրը:

Բայց անպայմանօրէն պիտի յաղթէ, եւ իր յաղթանակով` ազատութեան եւ անկախութեան արշալոյսը անգամ մը եւս շողայ մեր ժողովուրդին վերեւ: Ա՛յս է իր հաւատքը:

Ուխտի, կոչման, ճակատագրի ու հաւատքի այս ներքին թափով ՀՅ դաշնակցութիւնը իր կուռ շարքերուն փաղանգը մրրկող ոգիով պիտի ապրի ու գործէ, այնքան ատեն որ կ՛ապրի ու կը ստեղծագործէ հայ ժողովուրդը:

Դաշնակցութեան ոգին, որ ուղիղ գծով կու գայ հայութեան դիմագիծը բիւրեղացնող մեր մեծ նախահայրերու տեսիլքէն, անպայմանօրէն բարձր գագաթներու երազին պիտի տանի մեր ժողովուրդը:

Այս հաւատքը ունի իւրաքանչիւր դաշնակցական: Ու այդ հաւատքէն կը ստանայ իր ուժը:

Համազգայինի «Քնար» Երգ Ու Պարի
Խումբը Դամասկոսի Մէջ

Պէյրութի Համազգայինի հայ ժողովրդեան երգ ու պարի «Քնար» խումբը կիրակի, 4 յուլիս 1964, երեկոյեան ժամը 5:00-ին Դամասկոսի Յիսուսեաններու թատերասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութեանց եւ խուռներամ ընտիր հասարակութեան մը ներկայութեան, ի նպաստ տեղւոյն «Զաւարեան» վարժարանի չքաւոր սաներուն:

Յայտագիրը սկսաւ նուագախումբի եւ երգչախումբի կատարմամբ սուրիական մաղթերգով, զոր քառաձայն դաշնաւորած էր Ս. Շաթրեան` երգչախումբին եւ նուագախումբին ղեկավարը:

Յայտագրին մէջ տեղ գրաւած էին Թ. Ալթունեանի «Խորոտ Աշխէն»-ը, երգ ու պար, մենապարողներ` Շաքէ Արզումանեան եւ Աւետիս Շահրիկեան: «Մայր Արաքսի ափերով», «Հինգալլա», «Կիւմիշքեսցի», երգ ու պար: Կ. Զաքարեանի «Պուճուր պուճուր»-ը եւ «Տերիգօ»-ն:

Ա. Սաթեանի «Ես իմ անուշ Հայաստանի»-ն` մեներգող Վարդան Գարապուճագեան, «Խաղողաքաղ»-ը մեներգող Արտեմիս Տէօքմեճեան:

Զուարթ Սերայտարեան (Ալտրմըշեան) կատարեց մեներգի բաժինները Կիւզելեանի «Ծիծեռնակ»-ին եւ Կոմիտաս վարդապետի «Անձրեւն եկաւ»-ին:

«Սահըթնա» լիբանանեան երգի ու պարին մեներգի բաժինը կատարեց Մ. Գույումճեան:

Մենապարողներ Պայծառ Գարագաշեան, Արսինէ Շահմելիքեան, Ակետիս Շահրիկեան եւ փոքրիկն Քնարիկ Թոգաճեան եւ Նուպարիկ Աբրահամեան մեծապէս գնահատուեցան արուեստասէր հասարակութենէն` իրենց համակրելի պարարուեստին համար: Շուշիկ Սարգիսեան, Գէորգ Գէորգեան եւ Ժիրայր Եագուպեան եւս իրենց կատարած կարճ մենապարերուն համար գնահատուեցան:

Յայտագրէ դուրս Սարգիս Շաթրեան ձեռնադաշնակի վրայ ցիկան եղանակ մը նուագեց, իսկ Միքայէլ Սագայեան քանոնի վրայ` արաբական եղանակ մը: Փոքրիկն Նուպարիկ Աբրահամեան կովկասեան պար մը պարեց:

Երգչախումբն ու նուագախումբը, ինչպէս նաեւ պարախումբը ներդաշնակութեամբ իրագործեցին յայտագրի քառաձայն եւ ութաձայն երգերը` հայերէն, արաբերէն եւ ուքրաներէն երգերով եւ հայկական, արաբական, ռուսական, հունգարական, ուքրանական, վրացական, քրտական եւ կովկասեան պարերով: Անշուշտ` հայկականին վերապահելով առիւծի բաժինը:

Համազգայինի «Քնար» խումբը ժողովրդական երգ ու պարի միջոցով մեծ դեր ունի կատարելիք, յատկապէս հայ եւ արաբ բարեկամութիւնը ամրապնդելու գծով: Այդ պատճառով անհրաժեշտ է սիրով ընդառաջել սուրիական զինուորական իշխանութեանց փափաքին` բանակայիններու համար կրկնելու սոյն գեղարուեստական յայտագիրը:

Երեկոյթի վերջաւորութեան ծաղկեկողովներով պատուուեցան Էկլանթին Աբրահամեան` պարուսոյցը, որուն յղացումներն էին գրեթէ բոլոր պարերը, երգչախումբի խոստմնալից ղեկավարը` Սարգիս Շաթրեան, Երեւանի պետական երաժշտանոցէն շրջանաւարտ, արժանաւոր աշակերտն է մեծանուն Թաթուն Ալթունեանի: Ծաղկեկողով մը նուիրուեցաւ նոյնպէս խումբի հիմնադիր «հայրիկին»` տոքթ. Վարդգէս Աբրահամեանին:

Կ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES