Ո՞ւր Խաղցուեցաւ ՖԻՖԱ- ի Կողմէ Կազմակերպուած Ֆութպոլի Առաջին Աշխարհի Ախոյեանութիւնը
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
30 յուլիս 1930-ին աւելի քան 80 հազար հանդիսատեսներ հաւաքուած էին Ուրուկուէյի, մայրաքաղաք Մոնթէվիտէոյի նոր կառուցուած դաշտին մէջ: Անոնք հոն կը գտնուէին դիտելու ՖԻՖԱ-ի ֆութպոլի առաջին աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական խաղը` Ուրուկուէյի եւ Արժանթինի միջեւ:
1904 թուականէն, իր հիմնադրութենէն ի վեր, ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն կ՛ուզէր կազմակերպել միջազգային ախոյեանութիւն մը, եւ 1930-ին այդ ծրագիրը վերջապէս կ՛իրականանար:
Ծրագրումը սկսած էր 1928-ին: Իտալիա, Հոլանտա, Սպանիա, Շուէտ, եւ Ուրուկուէյ կը փափաքէին կազմակերպել խաղերը: ՖԻՖԱ կ՛ընտրէ Ուրուկուէյը, որ պիտի տօնէր իր անկախութեան 100-րդ տարեդարձը, 1930 թուականին: Անոր կողքին, Ուրուկուէյ առաջարկած էր շինել նոր դաշտ մը, ինչպէս նաեւ` վճարել բոլոր խումբերուն ծախսերը: Տասներեք խումբեր արձանագրուեցան մասնակցելու համար` Միացեալ Նահանգներ, Մեքսիքա, Հարաւային Ամերիկայէն եօթը երկիրներ եւ չորս եւրոպական երկիրներ:
Հիմա, տարբեր հանգրուաններու խաղերը վերջացած էին, եւ Արժանթին եւ Ուրուկուէյ պատրաստ էին խաղալու աւարտական խաղը: Դադարին արժանթինցիները 2-1 յառաջացած էին: Սակայն դադարէն ետք, Ուրուկուէյը նշանակեց երեք կոլ եւ շահեցաւ առաջին աշխարհի ախոյեանութիւնը` 4-2:
2014-ի Ախոյեանութեան Քաղաքը`
Ռիօ Տը Ժաներօ
Ռիօ տը Ժաներօ Պրազիլի ամէնէն շատ բնակիչ ունեցող երկրորդ քաղաքն է Սան Փաուլոյէն ետք:
ԻՓԱՆԵՄԱ ԵՒ ՔՈՓԱՔԱՊԱՆԱ: Ռիօ ունի 25 ծովափ: Անոնցմէ ամէնէն նշանաւորներէն եւ գեղեցիկներէն են` Իփանեման եւ Քոփաքապանան: Ռիոյի բնակիչներուն մեծ մասը գրեթէ ամէն օր ծով կ՛երթայ: Անոնք հոն կը հաւաքուին ընտանիքով կամ ընկերներով` արեւուն տակ գոյն առնելու, ֆութպոլ խաղալու, լողալու, խօսելու, փիք-նիքի, ժամանակ անցնելու…

ՅԻՍՈՒՍ ՓՐԿԻՉԻ ԱՐՁԱՆԸ: Այս հսկայական արձանը կը գտնուի 710 մեթր բարձրութեան վրայ, Քորքովատոյի գագաթին: Անիկա քանդակուած է ֆրանսացի արուեստագէտ Փոլ Լանտովսքիի կողմէ. անոր բացումը կատարուած է 1931 թուականին:

Շաքարէ հացը: Շաքարէ հացը Ռիոյի մէջ գտնուող գագաթ մըն է, ծովուն եզերքը: Անոր բարձրութիւնը կը հասնի 396 մեթրի: Կարելի է ճոպանուղիով մը հասնիլ անոր գագաթը:

ՆՈԹՐԸ ՏԱՄ ՏԸ ԼԱ ՔԱՆՏԵԼԱՐԻԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ: Կ՛ըսուի, թէ այս եկեղեցին Ռիոյի ամէնէն գեղեցիկն է: Անիկա շինուած է 18-րդ դարուն, երբ Ռիօ տը Ժաներօ Պրազիլի մայրաքաղաքն էր: Անոր ներսի բաժինը ամբողջովին զարդարուած է մարմարով, որմանկարներով եւ գունաւոր ապակիներով:

ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻ ԹԱՏՐՈՆԻ ՍՐԱՀԸ
Ռիոյի կեդրոնը գտնուող այս սրահը շինուած է 19-րդ դարուն, ներածուած նիւթերով` մարմար, հայելիներ, խճանկար…

ՄԱՐԱՔԱՆԱՅԻ ԴԱՇՏԸ: Ֆութպոլը իսկական կիրք մըն է պրազիլցիներուն համար: Ռիոյի մէջ ֆութպոլ կը խաղան միշտ եւ ամէն տեղ` դաշտերուն մէջ, փողոցներուն մէջ, ծովափին… Քաղաքին գլխաւոր դաշտը` Մարաքանան, աշխարհի ամէնէն մեծ դաշտերէն մէկն է: Անիկա ունի մօտաւորապէս 80 հազար աթոռ: Դաշտը ամբողջովին նորոգուեցաւ 2014-ի Մոնտիալին համար:

Բարեկենդան: Ամէն տարի, փետրուար-մարտին, Ռիոյի բնակիչները Բարեկենդանը կը տօնեն 5 օրերու ընթացքին: Սամպա պարի դպրոցի աշակերտները կը տողանցեն: Քաղաքին մեծ պողոտաներէն մէկուն վրայ: Տողանցքներ եւ հանդէսներ տեղի կ՛ունենան ամբողջ քաղաքին մէջ:
Անհաւասարութիւններ: Ռիոյի մէջ մօտաւորապէս 1,5 միլիոն անձեր կ՛ապրին «Ֆաւելաներու» մէջ, աղքը ատ թաղամասեր, ուր ուներշինուած են թիթեղներով, փայտի կտորներով…
Մոնտիալի Բաժակը
Գիտէի՞ր, թէ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան բաժակը կ՛արժէ մօտաւորապէս 250 հազար տոլար:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

Անգլիոյ մէջ ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ խխունջներու արագութեան մրցում մը:

Աշխարհի ամէնէն մեծ անասունին` կապոյտ կէտին ձագերը ժամական 4 քիլոկրամ կը ծանրանան իրենց կեանքին առաջին եօթը ամիսներուն ընթացքին:

Ուաշինկթընի մէջ Սպիտակ տունը սկիզբը կոչուած էր նախագահին պալատը:
- Աւելի քան 200 միլիոն ե-նամակներ կը ղրկուին ամէն օր աշխարհին շուրջ:
- Կարիդոսները դէպի ետեւ կը լողան:
- Նապաստակները կրնան իրենց ետեւը տեսնել` առանց իրենց գլուխը շարժելու:
- Ամսթերտամ քաղաքին մէջ մարդոցմէ աւելի հեծիկ գոյութիւն ունի:
- Լոյսի արագութիւնը 18 միլիոն անգամ աւելի արագ է, քան` անձրեւին արագութիւնը:
- Սկիզբի շրջանին, քոռն ֆլէյքսները հիւանդանոցի մը մէջ հիւանդներուն կը տրուէին իբրեւ դիւրին մարսուող ուտելիք:
- Գոյութիւն ունի գորտի տեսակ մը, որ կը լսէ իր բերանին ընդմէջէն:
- Մենք մօտաւորապէս մէկ միլիոն մորթի բջիջներ կը կորսնցնենք ամէն օր:
- Կրիայի մը պատեանը կազմուած է մօտաւորապէս 50 ոսկորներէ:
- Քանատայի մէջ գոյութիւն ունի քաղաք մը, որուն անունն է` Սեն Լուի տիւ հա՛ հա՛:
- Կարգ մը գորտեր խեչափառ կ՛ուտեն:
- Գիտնականները կը մտածեն, թէ շանաձուկերը գոյները չեն զանազաներ:
- Մենք մեր մարմնին մէջ ունինք 4 միլիոն քրտինքի գեղձեր:
Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

Կէտերը իրարու միացուր գտնելու համար պահուած պատկերը:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած 8 խեչափառները:

Գիտնալով, թէ ձուկը կը կշռէ 4 քիլօ, կրնա՞ս հաշուել, թէ իւրաքանչիւր անասուն, ինչպէս նաեւ վերջին կողովը որքա՛ն կը կշռեն:

