Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի Գունագեղ Ամավերջի Հանդէսը

1306HayAvedՈւրբաթ, 13 յունիս 2014, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հանդիսասրահը լեցուած էր ծնողներով, որոնք եկած էին վայելելու իրենց զաւակներուն բեմական ներկայութիւնն ու կատարելիքները:

Լիբանանի ու Հայաստանի պետական քայլերգներէն եւ Հայ աւետարական Ա. եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Հրայր Չոլագեանի աղօթքէն ետք, Հայ աւետարանական քոլեճի Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները իրենց անուշ մանկական ձայներով, ուրախ պարերով ու արտասանութիւններով, որոնց մէջ հայկականն ու արաբականը տիրական էին, հրճուեցուցին ներկաները: Բեմը գեղեցկօրէն զարդարուած էր Նոյեան Տապանի թեմայով: Իսկ մանկապարտէզի աշակերտները հագած էին գունագեղ տարազներ:

Մանկապարտէզի արտադպրոցական ճոխ կեանքին պատկերացումը տուող սահիկներու ցուցադրութենէն ետք մանկապարտիզպանուհի Յասմիկ Թորոսեան բեմ հրաւիրեց տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը, որուն ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը: Հուսկ, տնօրէնը փակման խօսքը ըրաւ: Ապա Ծաղիկ դասարանի աշակերտները արտասանեցին «Մայրենի լեզուն»-ն, ու հանդէսը աւարտեցաւ հովիւին օրհնութեան աղօթքով:

Այս տարի վկայական ստացան` Սերենա Այնթապլեան, Գէորգ Ապաճեան, Անժել Քապպաս, Արտա Գրիգորեան, Ալիք Կարապետեան, Քրիստինա Ճոզիկեան, Մարի Լիւսի Մընասա, Վահէ Միքայէլեան, Անտրիա Տեմիրճեան եւ Նոյեմի Ֆրանսիս:

 

Share this Article
CATEGORIES