Հայ Աւետարանական Փ. Եւ Է. Թորոսեան Միջնակարգ Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

1306torosianՈւրբաթ, 13  յունիս 2014-ի երեկոյեան  ժամը 7:00-ին Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր` միասնաբար ըմբոշխնելու մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսն ու Ծաղիկ դասարանի վկայականաց  բաշխումը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք  աշակերտները  իրենց  յատուկ  ոճով բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ անցան  յայտագիրի գործադրութեան: Անոնք հայերէն,անգլերէն  եւ  արաբերէն  լեզուներով  Աստուածաշունչէն  համարներով  եւ  երգերու գեղեցիկ  փունջով  մը օրհնեցին ու փառաբանեցին Աստուած:

Ապա Ծաղիկ  դասարանը, մասնակցութեամբ Բողբոջ եւ Կոկոն դասարանի աշակերտներուն, ներկայացուց զաւեշտ մը:

Ապա մանկապարտէզը իր զանազան դասարաններով հանդէս եկաւ եւ ներկայացուց  արտասանութիւններ, երգեր եւ պարեր` երեք տարբեր լեզուներով:

Ներկաները տեսերիզի ընդմէջէն դիտեցին 2013-2014  տարեշրջանի  ընթացքին   տեղի  ունեցած  բոլոր գործունէութիւնները: Հանդէսի աւարտին  մուտք գործեցին փոքրիկ շրջանաւարտները,  որոնք իւրայատուկ ոճով հրաժեշտ  տուին  մանկապարտէզին, ապա տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում` ձեռամբ վարժարանի  տնօրէն Սեդա Գարակէօզեանի, վերապատուելի Յովհաննէս Սվաճեանի եւ Ծաղիկ դասարանի պատասխանատու Լենա Ճորճեանի:

Տնօրէնին փակման խօսքով  վերջ  գտաւ  հանդէսը: Ան նշեց, որ ծաղիկներն ալ սկիզբը բողբոջ էին, ապա եղան կոկոն եւ հիմա արդէն գեղեցիկ ծաղիկներ են, որոնք պիտի վերածուին համեղ պտուղներու: Ան նշեց, որ փոքրերն ալ, անցնելով տարբեր ուսումնական հանգրուաններէ,  պիտի ցոլացնեն իրենց ներսը գտնուող թաքուն ձիրքերը, որոնք ուրախութիւն պիտի պատճառեն հայ ազգին, իրենց ծնողներուն եւ կրթական պատասխանատուներուն:

Սեդա Գարակէօզեան իր խօսքի աւարտին  շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ մանկապարտէզի բոլոր ուսուցչուհիներուն, որոնք ամբողջ տարին աշխատեցան բծախնդրութեամբ, նուիրուածութեամբ եւ գուրգուրանքով, որպէսզի կարելի ըլլայ վայելել այս գեղեցիկ  հանդէսը: Ան նաեւ շնորհակալութիւնը յայտնեց Աստուծոյ, որ մեզ պահեց փորձանքներէ ամբողջ տարուայ  ընթացքին  եւ հասցուց այս հանգրուանին: Առ այդ, շնորհակալութեան աղօթք արտասանեց վերապատուելի Յովհաննէս Սվաճեան, որմէ ետք  տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխման արարողութիւն:

 

Share this Article
CATEGORIES