27 Ծաղիկներ Հրաժեշտ Տուին Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Մանկապարտէզին

2106Sourp-KhatchՇաբաթ, 21 յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը:

Հայաստանի, Լիբանանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք շրջանաւարտները սրահ մտան ու բեմ բարձրացան: Անոնք բացման խմբային խօսքով, երեք լեզուներով` հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն, երախտագիտութիւն յայտնեցին իրենց ուսուցիչներուն, հրաժեշտ տուին մանկապարտէզի բուրաւէտ ծաղկանոցին եւ ապա բեմ հրաւիրեցին վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը:

Ներկաները ողջունելէ ետք, տնօրէնը խօսքը շրջանաւարտ փոքրիկներուն ուղղելով` ըսաւ. «Այսօր պիտի ստանաք ձեր առաջին վկայականը:  Տարիներ ետք դուք պիտի ստանաք շատ աւելի բարձր վկայականներ, բայց այս մէկը պիտի ունենայ իր յատուկ կարեւորութիւնը եւ տեղը` ձեր սրտին մէջ, որովհետեւ ան իր մէջ կը խտացնէ ձեր մանկութեան բոլոր յիշատակները` երգերը, պատմութիւնները, եւ ձեր մանկական քաղցրութիւնն ու անմեղութիւնը»: Ան նշեց, թէ` «հայը իր գոյատեւումը ապահոված է հայ եկեղեցիով եւ դպրոցով, երկու կառոյցներ, որոնք փրկչագործական աշխատանք տարած են օտարացման ու ձուլումի կլանող ալիքներուն դէմ: Այդ պատճառով հայ դպրոցին պահպանումն ու գոյատեւումը սրբազան առաքելութիւն մը կը համարուի, որուն համար մարտնչիլը ազգային պարտականութիւն դարձած է»: Հայրերու տօնին առիթով ան շնորհաւորեց բոլոր հայրերը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, օրուան նախագահ ամոլին, եւ բոլոր անոնց, որոնք միշտ նեցուկ կը կանգնին վարժարանին:

Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեան ըսաւ, թէ իր երկու կողմերը կը գտնուին հրեշտակներ, որոնք մեզի յանձնուած են, եւ մենք պարտինք լաւ օրինակ դառնալ անոնց: Անդրադառնալով հայ կաթողիկէ վարժարանին նկատմամբ ծնողներուն ունեցած վստահութեան` ան ըսաւ. «Մեր պարտականութիւնն է վստահեցնել ծնողները, որ իրենց զաւակները այս վարժարանին մէջ կը ստանան լաւ ուսում եւ կրթութիւն, որպէսզի դառնան տիպար եւ օրինակելի հայորդիներ, որոնք կը կրեն հայկական եւ քրիստոնէական շունչը իրենց մէջ»:

Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեանի, հանդէսի նախագահ Ժաք Կիսոյի եւ տնօրէնին ձեռամբ վկայականներու բաշխումէն ետք, Ծաղիկ դասարանի աշակերտները բեմականացուցին Յովհաննէս Թումանեանի «Քէֆ ընողին քէֆը չի պակսիր» գործին թատերական ներկայացումը, որուն ընթացքին անոնք պարեցին նաեւ հայերէն եւ արաբերէն պարեր:

Ծիլ, Բողբոջ եւ Կոկոն դասարանի աշակերտները իրենց յատուկ բուրմունքով եւ հաճելի ձեւերով պարեցին իրենց ծնողներուն եւ ներկաներուն համար:

Մանկապարտէզի բոլոր դասարաններու աշակերտներու միասնաբար երգով եւ փակումի պարով հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին: Այնուհետեւ Ս. Պոյաճեան բեմ բարձրանալով` շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի ուսուցչական կազմին, յատկապէս մանկապարտիզպան Լենա Տէրտէրեանին, իրենց աշխատանքներուն ու նուիրուածութեան համար: Ապա ներկաները դուրս եկան վարժարանին բակը, ուր շրջանաւարտները իրենց ծնողներուն հետ պարեցին իրենց առաջին պարը` հրավառութեան լոյսերուն տակ: Երգի ուսուցչուհի Սոնիկ Բամպուքեան մեկնաբանեց հայրերու նուիրուած երկու երգ:

2013-2014 տարեշրջանի Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտ աշակերտներն են.

Ահարոնեան Փաթրիք, Յովակիմեան Յակոբ, Գալուստեան Էմմանուէլ, Նագգաշեան Ալեն, Գալուստեան Ռաֆայէլ, Ուրիշիկեան Յարութ, Գարավարդանեան Քրիսթել, Ուրիշիկեան Փելինա, Եասին Լամիս, Պաղտիկեան Լոռի, Եափուճեան Արտիօ,  Պուչաքճեան Սինթիա, Երիքեան Հրակ, Ռուպէլեան Աննապել, Թերզեան Լեթիսիա, Ռուպելեան Քարլա, Թիւթիւնճեան Էլսի, Փանոսեան Ռաֆքա, Թոփալեան Սինթիա, Քաժոյեան Անժելինա, Իսթանպուլի Անթուն, Քետերեան Համբիկ, Խաչատուրեան Եղիկ, Քէշիշեան Նանոր, Մելիքեան Յակոբ-Եուրի, Քոչարեան Անահիտ, Յորդանեան Ցոլեր:

 

Share this Article
CATEGORIES