Ազգային Աբգարեան Վարժարանի Ամավերջի Միացեալ Հանդէս

2206ApkarianԿիրակի, 22 յունիս 2014-ին, կէսօրէ առաջ ժամը  11:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Աբգարեան վարժարանի ամավերջի հանդէսը:

Ամավերջի հանդէսի թեման` «Տարուան տասներկու ամիսներ»-ն էր: Յայտագիրը իր լայն գիծերուն մէջ կը ներկայացնէր այն աշխատանքը, զոր իրագործած էր վարժարանը` աշակերտները մղելով ինքնաճանաչման, շրջապատի ծանօթացման եւ ինքնութեան հաստատման: Եղանակային փոփոխութեան հետ` անփոփոխ կը մնար նպատակը` ազգային վարժարանի աշակերտը քաջածանօթ դարձնելու մեր հիմնական տօներուն, որոնց նախապատրաստութիւնը մասամբ իրագործուած էր ատենամարզանքներու ընդմէջէն:

Հայկական ծնունդով սկսած հանդէսը փետրուարին անդրադարձաւ Բարեկենդանին եւ Վարդանանց խորհուրդին: Մարտը նուիրուած էր գարնան, առաջին ուսուցիչ Մեսրոպ Մաշտոցին, ուսուցիչներուն, իսկ ապրիլը` Ցեղասպանութենէն բխած անժամանցելի մեր պահանջներուն: Մայիսը` մայրերու տօն, յաղթանակի, ուխտի ամիս էր, իսկ յունիսը կը յատկանշուէր հայրերու տօնով, «Վերջին զանգով», հանդէսով: Վարդիվառն էր յուլիսի խորհուրդը, իսկ օգոստոսին` ծովափը եւ «Մեր փոքրիկ նաւակ»-ի պատկերը: Սեպտեմբերը վերահաստատումն էր մեր անկախութեան, հոկտեմբերը` Թարգմանչաց, նոյեմբերը` Լիբանանի անկախութեան տօներն էին, իսկ դեկտեմբերը` Կաղանդի մաղթանք, որ մեր աշակերտները սիրեն բնութիւնը եւ իբրեւ քաղաքակիրթ ազգի զաւակ` պահպանեն բնութիւնը, ուսումնատենչ ըլլան, արժանանան վկայականներու եւ դառնան արժանաւոր յաջորդները իրենց նախորդներուն:

Բծախնդրօրէն պատրաստուած, ինքնատիպ բեմին  վրայ, մանկապարտէզի ամենափոքր դասարաններէն մինչեւ նախակրթարանի աւարտական դասարան, հանդէս եկան աշակերտները իբրեւ ամիսները ներկայացնողներ, ասմունքող, երգող: Ութ պարերը, գունագեղ հագուստներով, առաւել փայլք տուին հանդէսին եւ խանդավառեցին ներկաները:

Վարժարանի տնօրէնը` Գեղանի Էթիեմեզեան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս սատարած են վարժարանի գոյատեւման: Շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ուսուցիչներուն եւ մասնաւորելով մանկապարտիզպան Սեդա Մածունեանը` յայտնեց, որ հեղինակային իրագործում մը արձանագրած է ան այս հանդէսով: Նոյնպէս իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Րաֆֆի Պարսամեանին, Սիլվա Տեմիրճեանին, որոնք սիրելի դարձուցած էին հայ երգն ու պարը: Ան եզրափակելով իր խօսքը` ըսաւ, որ կրկնութեան ճամբով փոխանցուածները ինքնավստահ ու քաջ դարձուցած էին աշակերտները, որոնք պիտի չմոռնան այս հանդէսը, որովհետեւ դերակատար էին: Մաղթեց, որ փոխանցուածները իբրեւ առաջին մաշկ չմնան, այլ մաս կազմեն անոնց էութեան: Վարժարանին մաղթեց յարաճուն վերելք:

Մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտները վկայուեցան ձեռամբ առաջնորդ հօր, որ գնահատեց վարժարանին մէջ տարուած աշխատանքը: Շնորհակալութիւն յայտնեց թաղականութեան, բարերարներուն եւ ուսուցիչներուն: Ծնողներուն թելադրեց առաւել օգտակար դառնալ դպրոցին: Շնորհաւորեց շրջանաւարտ աշակերտներուն ծնողները եւ մաղթեց, որ իրենց զաւակները արժանանան բարձրագոյն վկայականներու:

Առաջնորդ հայրը ամավերջի հանդէսի առիթով յուշանուէր մը յանձնեց տնօրէնուհիին` վեր առնելով անոր բազմամեայ ազգային ծառայութիւնը:

Մանկապարտէզէն վկայուած աշակերտներն էին.

Ծաղիկ դասարան

Տէր Վարդանեան Քրիստափոր, Հալլաճեան Կրեկորի, Խաննա Հրակ, Բրուտեան Յովիկ, Ստեփան Ալեքս, Թոփուզքանեան Գէորգ, Ճիլեզեան Երուանդ, Սրուր Խալետ, Պշտիկեան Փաթիլ, Իսա Աննա Մարիա, Ժամկոչեան Սիրին, Գանթարճեան Բարտի, Մկրտիչեան Փաթիլ, Սիմոնեան Սելլա, Պեպեճեան Յասմիկ:

Զ. կարգէն

Պարատղի Փիթըր, Պեքարեան Սերժօ, Հանի Իսմայիլ, Գալայճեան Նարեկ, Քեքեճատուրեան Յարութ, Ներսէս Ժաք, Աբրահամեան Արմենուհի, Արիստակէսեան Նարինէ, Համալեան Հուրի, Իյճեան Սթեֆանի, Քեքեճատուրեան Ալիսիա, Մահիկեան Բալիկ, Միքայէլեան Ճենիֆըր, Օհաննէսեան Զարին, Զոպոյեան Հելեն:

 

Share this Article
CATEGORIES