Հայ Եկեղեցւոյ Մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Յանձնախումբի Ժողովին
Չորեքշաբթի, 2 յուլիս 2014-ին, Ժընեւի մէջ եկեղեցական արարողութեամբ, տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Կեդրոնական յանձնախումբի ժողովին բացումը:
Հայ Եկեղեցին իր երկու Կաթողիկոսական Ս. Աթոռներով կը մասնակցի այս ժողովին Նարեկ արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու) եւ Թենի Սիմոնեան (Ներկայացուցիչ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու Եւրոպայի մէջ) կը մասնակցին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Վիգէն արք. Այքազեան եւ Փոլա Տէր Մաթոսեան` յանուն Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան:
Նոյն օրը, Ժողովականներ լսեցին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Ակնէս Ապումի պատգամն ու Ընդհ. քարտուղար դոկտ. Օլաֆ Ֆիքսէ Թուէյթի զեկոյցը: Ապա տեղի ունեցան Կեդրոնական յանձնախումբի ենթայանձնախումբերու անդամներու ընտրութիւնը. Նարեկ սրբազան պիտի ծառայէ յայտագիրներու ենթայանձնախումբին մէջ եւ Թենի Սիմոնեան` Ուղեգիծերու ենթայանձնախումբին մէջ:
Յաջորդող երկու օրերուն տեղի ունեցան «Արդարութեան եւ խաղաղութեան ուխտագնացութիւն» ընդհանուր թեմայով հաւաքական եւ խմբական քննարկումներ` գծելու համար Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի յաջորդ եօթը տարիներու աշխատանքային ընթացքը:

