Ժրաջան Հայորդիի Մը Մահուան Առիթով

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

1207AshdjianԼիբանանահայ կեանքին մէջ ժրաջան գործունէութիւն իրագործած հայորդիի մը մասին քանի մը տող գրելու սրտի պարտք զգացի: Խօսքը Յովսէփ Աշճեանի մասին է, որ ունէր ճամբորդութեան յատուկ գրասենեակ մը Պուրճ Համուտի մէջ: Դէպի Կիպրոս, միջինարեւելեան մայրաքաղաքներ զբօսաշրջական տոմսեր կը վաճառէր: Հետզհետէ, տարիներու ընթացքին ան զարգացուց իր այս նախաձեռնութիւնը եւ սկսաւ դէպի Հայաստան ճամբորդութիւններ կազմակերպել: Հայասէր, ազգասէր հայն էր ան, Հայաստանը կը նկատէր ամէն բանէ վեր: Իր այս ծառայութեան եւ գաղափարախօսութեան համար հարցազրոյց մըն ալ կատարուեցաւ հայրենի Հ1 պատկերասփիւռէն: Կ՛արժէր տեսնել Յովսէփ Աշճեանը իր այս կերպարին մէջ: Ինչպիսի՜ խանդավառութեամբ կը հրաւիրէր իր հայրենակիցները անպայման այցելել Հայաստան, հպարտանալ մեր անցեալով ու ներկայով, մեր մարտնչող ֆետայիներուն հերոսական նուիրումով, մեր Արցախ-Ղարաբաղով:

Մեր մամուլին ճամբով բարեկամութիւն մը ունեցած էինք: Լաւ ընթերցող էր, իմ լոյս ընծայած գիրքերէս կը մակագրէի իրեն, շատ գոհ կը մնար: Օր մըն ալ փափաք յայտնեց եւ իմ մէկ գիրքիս մեկենասը եղաւ:

Մանկութեան տարիքին հօրմէն որբացած Յովսէփ հազիւ նախակրթութիւն ստացած էր, ստիպուած` նետուած էր արհեստ սորվելու աշխատանքին: Սորված էր ինքնաշարժ ներկելու արհեստը, բայց այս փորձառութիւնն ալ կիսաց մնացած էր Հալէպի մէջ, ուր ծնած էր:

1960-ական թուականներուն Յ. Աշճեան երիտասարդ տարիքին եկած էր Լիբանան, որոշ պաշտօններ ստացած եւ կեանքը ապահոված: Ամուսնացած էր եւ ունեցած` չորս զաւակ, երկու աղջիկ եւ երկու մանչ: Փակագիծի մէջ ըսենք, որ Յովսէփ Աշճեանի դուստրերը պարման տարիներուն մասնակցելով գեղեցկութեան մրցումներուն` մրցանակներ շահած էին:

Լիբանանի մէջ ան կապ հաստատած էր Կիպրոսի պետական ռատիոկայանի տնօրէնութեան հետ, պատերազմի տարիներուն կը սփռուէր այս կայանէն հայերէն երգեր, երաժշտութիւն եւ լրատուութիւն:

Ստեղծելով իր զբօսաշրջական գրասենեակը` Կիպրոս-Լիբանան զբօսաշրջական պտոյտներ կազմակերպեց, զոր հետզհետէ զարգացուց:

Ընկերային կեանք զարգացնող շնորհք մը ունէր, անդամ էր Ուրֆայի հայրենակցական միութեան վարչութեան, իր այս հանգամանքով եւս կը ծաւալէր ազգային-ընկերային ձեռնարկներ: Կազմակերպած է ճաշկերոյթ-պարահանդէսներ Կիպրոսի մէջ, ուր հրաւիրուած են նաեւ լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներ, գրողներ:

Մօտ քառասուն օրեր առաջ սրտի տագնապի պատճառով մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ Յ. Աշճեան` ետին թողած խոնարհ, բայց ազգօգուտ հայու յիշատակ մը: Յարգա՛նք իր չարչարուած ճակատագրին:

Share this Article
CATEGORIES