Մահուան Քառասունքին Առթիւ. Կորուստ Մը` Յակոբ Սեմերճեանի Մահը

1207HagopSemerdjianՔառասուն օրեր առաջ կորսնցուցինք Յակոբ Սեմերճեանը` հայ արհեստաւոր տղայ մը, որ տասնամեակներ առաջ Պապ Իտրիսի ծաղկավաճառներու անկեան մօտ իր ժամագործի խանութը կը բանեցնէր, ազգային գործերու մէջ միշտ պատնէշի վրայ:

Մոլի ընթերցող մըն էր, ինչպէս` իր սերնդակիցներէն շատեր:

Այնթապցի ըլլալուն, վերջին տարիներուն դարձաւ ատենապետը Պէյրութի մէջ հիմնուած Այնթապի հայրենակցական միութեան:

Ամուսնացաւ, զաւակներ եւ թոռներ ունեցաւ, բայց միշտ իր ժամացոյցին սլաքները ուղղուած մնացին հայրենիքը ցոյց տուող ուղիին:

Խանդավառ էր Յակոբ Սեմերճանը Հալէպի մէջ հրատարակուող «Նոր Այնթապ» պարբերականի հրատարակութեամբ: Այս կապակցութեամբ, պարբերականի տեղաւորման հարցով գործակիցն էր մեր ազգայիններէն Արմէն Յարութիւնեանին:

Յակոբը սովորութիւն ունէր կրկնելու այնթապցիական ասացուածք մը. «Ունեցածը տուողը ամչնալու պէտք չունի»:

Ես ազգիս տուի այն, ինչ որ միտք էր ու ջանք: Իմ մտերմութիւնս Յակոբ Սեմերճեանին հետ կը սկսէր 1950 թուականներէն ու այդ բարեկամութիւնը աւարտ ունեցաւ թուականէս 40 օրեր առաջ:

Իր մահը տխրեցնողներու թիւը քիչ չէր: Անոնցմէ մէկն ալ` ես, այս տողերը ստորագրողը:

Կորսնցուցինք համեստ, պարկեշտ, հայ մշակոյթի ու պատմութեան սիրահար մը: Ես կորսնցուցի 64 տարիներու բարեկամս:

Ցաւակցութիւններս` իր ընտանիքի անդամներուն եւ զինք մօտէն ճանչցողներուն եւ, անշուշտ, Այնթապի հայրենակցական միութեան:

Բոլորին ցաւակից` ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES