Մտորումներ Նահատակութեան 25-Ամեակ. Դէպի Հայութիւն Ճախրող Հեքիաթային Տղուն Կարօտով (Կարօ Գաբլանեանի Յիշատակին)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«Դաշնակցութեան գաղափարները նախ իրենց նահատակները կը քարոզեն»:

Վ. ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ

1207Garo-KaplanianԻնքնութեան աղաւաղումի, պատկանելիութեան տակաւ կորուստի եւ նիւթին գերեվարուած այս օրերուն, որքան դիպուկ ու հարազատ կը հնչէ դաշնակցական մտքի ու հաւատամքի խորհուրդներուն էապէս քաջածանօթ Վահան Նաւասարդեանի արժանահաւատ վերոնշեալ խօսքը:

Խորքին մէջ պատգամ ըլլալէ աւելի անիկա դէպի հեռուները սաւառնող ու հորիզոներ լուսաւորող հասողութիւն ունի, հոգեմտային աշխարհ հարստացնող ներուժ կը պարունակէ, ազգային լինելութեան ճանապարհին` ապահով կռուաններ կը սնուցանէ, հաւաքական կեանքի հզօրացման, ուռճացման եւ ինքնահաստատման առաջնորդող անխառն ցոլքեր կ՛ընդգրկէ, գոյութենական պայքարի ու յարատեւութեան ուղին կենսայորդ կը պահէ, ազգը կ՛ամրացնէ, հայրենիքը կ՛արժեւորէ, ազգային ու համամարդկային մեր ձգտումները կ՛իմաստաւորէ, աւելի՛ն. գաղութահայ մեր կեանքին շունչ ու կորով կը մատակարարէ, մենք մեզ ճանչնալու  վաւերական պատեհութիւն կը ստեղծէ, եւ հայոց ճակատագիրի ամբողջ  խորապատկերին վրայ`  միասնականութեան թէ ինքնապաշտպանութեան  պատարագը կը հիւսէ`

  Հայոց աշխարհի սրբազա՜ն զոհերուն,
  Գաղութահայ կեանքի վեհափա՜ռ նահատակներուն:
  ԼԵՄ-ական Կարօ Գաբլանեանին:

Լիբանանահայ գաղութի արժանաւոր զաւակի մը նահատակութեան 25-ամեակն է (1989 – 2014): Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն թէժ եւ գաղութի ինքնապաշտպանական թէ լինելիութեան գոյապայքարին զուգընթաց օրերուն, ըմբոստացումի եւ խիզախութեան կանչ մը կ՛արձակուի հայահոծ շրջանի մը մէջ, ժողովրդասիրութեան, գիտակից ծառայութեան եւ անյողդողդ կամքի բռունցք մը կ՛ուրուագծուի ազգային արժանապատուութեան տէր կանգնելու հրամայականին ընդառաջ` հայ երիտասարդի մը յախուռն կեցուածքը կը ճառագայթէ հոծ բազմութեան մը սիրտերուն, անոր կեանք մը փրկելու նախանձախնդիր, օրինակելի եւ անկրկնելի որոշումը կը սթափեցնէ ընդարմացած հոգիներն անգամ, այլապէս ալ, պատահական վայրի մը  մէջ իր գտնուելուն, կողոպուտի եւ բռնարարքի ենթարկուած հայ կնոջ մը օգնութեան աղերսանքին դիմաց, դաշնակցական մարտունակ տղու մը հրաշափառ միջամտութիւնը` շշմեցնող ըլլալէ աւելի կը հանդիսանար այն ապառաժը, որով կը զօրանան ազգեր, կ՛ըլլար պատրոյգը` արիութեան եւ նուիրումի աշտանակին, կերտիչը` ազգային յաղթանակի պանթէոնին:

Թէ ինչո՛ւ ամէն քայլափոխի եւ պատեհ առիթի շեշտը կը դնենք մօտիկ անցեալէն դասեր քաղելու հրամայականին վրայ, պարզապէս անոր համար, որ տուեալ ժամանակի պատմութիւնը թէեւ դառնութեամբ եւ արեամբ յագեցած էջեր ունի, այդուհանդերձ ընդգրկէ սխրանքներու եւ պատուաբեր արարքներու բիւրեղ շտեմարան մը, որուն կառչածութեամբ միայն ազգային հաւաքականութիւններ կրնան ապրիլ ու գոյատեւել:

Պիտի ըսուի, որ աւելի քան հարիւր տարուան պատմութիւն շնչած եւ տարբեր ժամանակաշրջաններու արհաւիրքն ու դաժանութիւնը ճաշակած լիբանանահայութեան համար, 1975-ին ծագած եղբայրասպան 15-ամեայ պատերազմի տարիները այդքա՞ն օրհասական եղած են, որ անոնց յիշատակումը կը կատարուի յաճախ, այլազան առիթներու:

Այս իմաստով, արդար է ըսել, որ հայութեան պարագային, այո՛, որովհետեւ թուրք եաթաղանէն ճողոպրած սերունդի մը յետնորդները, ի գին անասելի զոհողութիւններու, գաղութահայ կեանք մը մէջտեղ բերին, հայապահպանման եզակի կռուաններ կառուցեցին, քրտինք ու հոգի մաշեցուցին, քաղաքացիական տիպարի ամէնէն վաւերական օրինակը ցոյց տուին, եւ ահա, քաղաքացիական կռիւներու եւ վայրագութիւններու դէմ յանդիման, այս անգամ հայրենիքի հողէն հեռու գտնուող բուռ մը հայութիւն ապաւինած իր բազուկին ու քաջարի տղոց, որպէսզի դէմ դնէ ամէն ճնշումի, մաքրագործումներու, բայց մանաւանդ` իր գոյութեան սպառնացող ահաւոր վտանգներու եւ բարբարոսութիւններու:

Եւ այդ արհաւիրքէն ծնունդ կ՛առնէին առասպելատիպ տղաներ, հայութեան համոզումներուն եւ ազգային արժէքներուն հաւատարիմ քաջորդիներ, որոնք տիւ եւ գիշեր մնացին պատնէշի վրայ` արհամարհելով մահն անգամ, յանուն լիբանանահայութեան պաշտպանութեան գործին:

Այդ փաղանգին մէկ տիպար ներկայացուցիչն էր Կարօ Գաբլանեան, որուն անժամանակ, բայց լիարժէք կեանքը հանդիսացաւ պատուանդան մը իր շրջապատին եւ նուիրական խորան մը` գալիք սերունդներու:

ԼԵՄ-ականի տարիքին եղող մեր տղան այն երիտասարդն էր, որ հասակ էր առած դաշնակցական ակումբի քուրային մէջ, դաստիարակուած ազգային ու գաղափարական արժէքներով, տասնութամեայ իր տարիքին` արդէն կը վայելէր բոլորին յարգանքն ու սէրը: Դեռ պատանեկանի եւ երիտասարդականի սեմին ան վաստկած էր տիպարի ու բազում արժանիքներու տէր անհատի յատկութիւն եւ դարձած իր շրջապատին ուշադրութեան կիզակէտը:

Փաստօրէն, Կարօ Գաբլանեանի անբասիր նկարագիրն ու դաշնակցականի ընկերական ոգին արդէն իր մատղաշ հոգիին ամէնէն ցայտուն յատկութիւններ էին, որոնցմով կ՛ոգեւորուէին իրեն հասակակիցներն անգամ:

Ինչպէ՛ս չյիշել անոր նուիրումի եւ քաջութեան տիպականութիւնը` իբրեւ մարտարուեստի մարզիկի, ծայրայեղ գաղտնապահի ու յախուռն կազմաւորումի տէր անհատականութիւն ունեցող երիտասարդի:

Ինչպէ՛ս չվերապրիլ անոր դասընկեր-դասընկերուհիներու սրտառուչ ու զուլալ արցունքներու հոսքէն, արդար պոռթկումէն եւ ճակատագիրի դէմ անոնց արձակած խօսքերէն, մահուան գուժին ունկնդիր:

Ինչպէ՛ս չխոնարհիլ անոր հայասէրի ու մարդասէրի բարեմասնութիւններուն դիմաց, երբ առանց երկմտանքի նետուեցաւ կռուի դաշտ, իր մեծահոգի ու Արարատապաշտ կուրծքը ցցելով տեղացի խուլիկաններու սպառնալիքներուն, փրկելու համար անծանօթ հայ կինը, որուն պաղատաքին ձայնին անսալով` ուզեց զինք ազատել վայրագ, տմարդի ու բարբարոսներու ձեռքէն:

Եւ հակառակ իր արիասիրտ կրակոցներուն եւ կարգ մը խուլիկաններու զգետնումին, Կարօ իր կարգին դարանակալ կերպով կը ստանար զազիր փամփուշտներ, բայց եւ այնպէս փրկելով հայ կինն ու ազգային արժանապատուութիւնը, որուն գիտացութեան այնքան կարիքն ու կարօտը ունինք  այլանդակութեամբ լի այս օրերուն:

Պիտի չուզէի երբե՛ք անդրադառնալ, օրին քաջասիրտ Կարոյի հետ ու կողքին եղող այն անծանօթին, որ պահու ահաւոր ճնշումին տակ եւ անըմբռնելի մօտեցումով մը կը հեռանայ պատուաբեր մարտադաշտէն, պարզապէս լուր հասցնելու եւ իր կարգին օգնութիւն հայցելու պատրուակով:

Սակայն նշելով պատահած իրականութիւնը, հարկ է նորահաս սերունդին փոխանցել ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, թէ մեր կեանքին մէջ  եղան տղաներ, որոնք խիզախօրէն նետուեցան կռուի դաշտ, մինչ ուրիշներ նախընտրեցին դասալքութեան պատմուճանը, փրկելու համար սեփական մաշկը:

Իրօք, ինչքա՜ն դիպուկ ու հարազատ է Կարոյի դասընկերուհիներէն մէկու մը այն վկայութիւնը` անոր ազգասիրութեան, նուիրուածութեան, յամառօրէն իր համոզումներուն կառչելու մօտեցումին եւ ընկերասէրի յատկութեան մասին, երբ քիչ անդին կ՛աւելցնէ ըսելով` «կ՛ուզէի գիտնալ, Կարօ՛, թէ հերոսական արարքիդ վերջին վայրկեանին զգացումդ ի՞նչ էր, ի տես քու դէմդ արձակուած զազիր փամփուշտներուն, երբ այնքա՜ն գեղեցիկ կեանքի երազներ ու փափաքներ ունէիր»:

Մեր կարգին կ՛աւելցնենք` Կարոյի նահատակութեան յիշատակելի այս առիթով, թէ Կարոներ յուշ ու յիշատակներ չեն, ու չե՛ն կրնար ըլլալ, որովհետեւ առասպելատիպ նման երիտասարդներ ծնունդ են իրենց ազգին, անբիծ շաղախը ժողովուրդին, հարազատ ժառանգորդը աննման հերոսներու, ներշնչումը գալիք սերունդներու եւ խորանը ազգային արժանապատուութեան պահպանման ամէն արարքի:

Ամէն յուլիսի 4-ին, պարտաւորութեան եւ յանձնառութեան զգացումը պէտք է սթափեցնէ մեզ` հաւաքաբար, գէթ արժանավայել կերպով յիշելու մեր սրբազան նահատակները եւ վկայակոչելու անոնց ազգակերտ քաջագործութիւնը:

Մտահան պէտք չէ ընել այն իրողութիւնը, որ գաղութներ չեն կրնար տոկալ, գոյատեւել եւ ճգնաժամեր դիմակայել առանց նահատակներու հանդէպ ցուցաբերուած երկիւղածութեան եւ արժանավայել յիշատակումին:

Բի՜ւր յարգանք Կարօ Գաբլանեանի յիշատակին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES