Երկուշաբթի, 14 Յուլիսին. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Վարչութիւնը Պիտի Պատուէ Աղջկանց Պասքեթպոլի Բաժակակիր Խումբը

ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ պասքեթպոլի յանձնախումբը երկուշաբթի, 14 յուլիսին պիտի պատուեն ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց խումբը, որ հանդիսացաւ Լիբանանի պասքեթպոլի 2014 տարուան բաժակակիր:

Խումբին մեծարանքի այս հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, երեկոյեան ժամը 20:00-ին:

Այս հրաւէրը ուղղուած է լիբանանեան մարզական լրագրողներուն:

Share this Article
CATEGORIES