Ռոպերթ Արզումանեան Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Ամքարի Հետ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Աքթոփէի 28 տարեկան յետսապահ Ռոպերթ Արզումանեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Ամքարի հետ, կը յայտնէ ArmSport.am:
Արզումանեան ռուսական իր նոր ակումբին հետ պայմանագիր պիտի կնքէ յառաջիկայ դեկտեմբերին եւ աւարտէ իր ստորագրած համաձայնագիրը Աքթոփէի հետ:
Նշենք, որ Արզումանեան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին Ռուսիոյ մէջ ֆութպոլի մրցումներու մասնակցած է, երբ 2012-ին ելոյթ ունեցած է Էներկիայի հետ:
CATEGORIES Մարզական

