2014-ի Մոնտիալ. Արժանթինի Նախագահը Ներկայ Պիտի Չըլլայ Աւարտական Մրցումին
Ինչպէս ծանօթ է, Գերմանիա – Արժանթին աւարտական մրցումով կ՛աւարտի 2014-ի Մոնտիալը:
Միջազգային մամուլը կը հաղորդէ, որ աւարտական այս մրցումին ներկայ պիտի չըլլայ Արժանթինի նախագահը` Քրիսթինա Ֆեռնանտեզ տը Քիրշներ` առողջական պատճառներով:
Սակայն ան խոստացած է ընդունիլ հաւաքականին ֆութպոլիստները, երբ անոնք վերադառնան Արժանթին:
Նշենք, որ աւարտական այս մրցումին համար հրաւէրներ ընդունած են մօտ տասը երկիրներու ղեկավարներ, որոնց կարգին` Գերմանիոյ վարչապետը` Անճելա Մերքել:
CATEGORIES Մարզական

