Նշմար. Համայնքային Առժամեայ Վերադասաւորման Երեւոյթը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

1207vahoՖութպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը իւրայատուկ ազդեցութիւն մը ունի Լիբանանի հասարակութեան վրայ: Անոր անմիջական ազդեցութիւնը այն է, որ քաղաքացիները կը մոռնան իրենց հոգերը, ոմանք այնքան, որ կը սկսին իրենց նիւթական սուղ միջոցները մսխել պայթուցիկներու նման փուճ բաներու վրայ: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ բախտախաղի ժամանակաւոր ծաղկումը. անշուշտ այստեղ նկատի չունինք բախտախաղի մոլիները, որոնց համար ամէն բան պատրուակ է իրենց անհագ մոլութեան ծառայելու:

Մոնտիալին ամէնէն հետաքրքրական ազդեցութիւնը հետեւեալն է. իւրաքանչիւր չորս տարին անգամ մը նշեալ ախոյեանութեան ազդանշանին հետ լիբանանեան համայնքները քանի մը շաբթուան համար կը փոխարինուին այլ մեծ ու փոքր համայնքներով` գերմանացիներով, պրազիլցիներով, իտալացիներով, անգլիացիներով եւ այլն: Կը մոռցուին քաղաքական եւ յարանուանական մրցակցութիւններն ու ատելութիւնները եւ եղբայր կը դառնան հակառակորդ կուսակցութեանց ու յարանուանութեանց անդամները: Այսպէս` «գերմանացի» սիւննի մը եղբայր կը դառնայ «գերմանացի» շիիի մը, սակայն թշնամի «պրազիլացի» սիւննիի մը, կամ Ազգային ազատ հոսանքի «պրազիլացի» անդամ մը Լիբանանեան ուժերու «պրազիլացի» անդամը կը նկատէ իր հարազատը, իսկ իր «գերմանացի» կուսակիցը` օտարական մը:

Հակառակ իր ժամանակաւոր բնոյթին, վերոնշեալ երեւոյթը ցոյց կու տայ, որ հակառակորդ կողմեր կրնան իրարու հետ լեզու գտնել, ինչ որ առաջին հայեացքով դրական կը թուի ըլլալ: Դժբախտաբար, Մոնտիալի ազդակը չի կրնար հասարակութեան մէջ պառակտումի երեւոյթը վերցնել, որովհետեւ իրողութեան մէջ գոյութիւն ունեցող պառակտումը այլ պառակտումով մը կը փոխարինէ:

Մոնտիալի աւարտով կ՛աւարտի նաեւ «մենք» եւ «անոնք»-ի այս առժամեայ վերադասաւորումը, եւ ամէն ինչ կը վերադառնայ իր «բնական» հունին ու սկզբնական վիճակին:

 

Share this Article
CATEGORIES