Մերքել Խոստացած Է Մերձտնեսթրի Տագնապին Մէջ Աջակցիլ Մոլտովային

Լիանքէ եւ Մերքել

Լիանքէ եւ Մերքել

«Տէօչը Վելէ»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել խոստացած է Մոլտովայի վարչապետ Եուրի Լիանքէին աջակցութիւն ցուցաբերել անջատողական Մերձտնեսթրի շուրջ ծագած տագնապին մէջ:

«Ռուսիոյ նախագահին հետ բանակցութիւններու ժամանակ ես պիտի շարունակեմ աջակցիլ ողջմիտ լուծման ուղղուած որոնումներուն», ըսած է ան Պերլինի մէջ Լիանքէի հետ բանակցութիւններէն ետք:

Միեւնոյն ժամանակ Գերմանիոյ վարչապետը բարձր գնահատած է Եւրոպական Միութեան հետ մերձեցման ճամբուն վրայ Մոլտովայի ձեռք բերած յառաջընթացը: Ան տպաւորիչ նկատած է այն, որ Քիշնեւի խորհրդարանը արդէն վաւերացուցած է Եւրոպական Միութեան հետ Մոլտովայի ընկերակցութեան մասին համաձայնագիրը, որ կնքուած էր ընդամէնը յունիսի վերջին:

«Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը կը յիշեցնէ, որ Մոլտովայի կողմէ Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան մասին համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք Ռուսիան սահմանափակումներ մտցուցած է մոլտովական մսային ապրանքներու ներմուծման վրայ` ի յաւելումն մոլտովական գինիներու նկատմամբ արդէն գործող ներածման արգելքին:

Մերքել խոստացած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Մոլտովային պիտի օժանդակէ ռուսական պատժամիջոցներու հետեւանքները յաղթահարելու գործին մէջ: Միաժամանակ ան կոչ ուղղած է Քիշնեւին իրաւական մարզին մէջ լայնածաւալ բարեփոխումներ կատարելու:

Share this Article
CATEGORIES