Իրաքի Քարիւղի Նախարարութիւնը Քրտական Ուժերը Կ՛ամբաստանէ Քերքուքի Մէջ Քարիւղի Երկու Դաշտեր Գրաւելու Յանցանքով
Իրաքի քարիւղի նախարարութիւնը Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի քրտական ուժերը ամբաստանեց Քերքուք նահանգին մէջ քարիւղի երկու հիմնական դաշտեր գրաւելու յանցանքով եւ զգուշացուց, որ այդ քայլը անպատասխանատու, սահմանադրութեան եւ ազգային հարստութեան շրջանցում մըն է, ինչպէս նաեւ դաշնակցային իշխանութեան անտեսում մը եւ ազգային միութեան ուղղուած սպառնալիք մը:
Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ «քիւրտ եղբայրներէն ողջամիտներուն» կոչ ուղղեց կացութեան վտանգաւորութիւնը հասկնալու եւ պատասխանատուները յորդորելու ետդարձ կատարելու այս «անկարգապահ» քայլէն` հեռանալով նշեալ քարիւղի դաշտերէն եւ զանոնք «անմիջապէս» պարպելու` զգուշանալով «ծանր հետեւանքներէն»:
CATEGORIES Միջազգային

