Նեթանիահու. «Կազայի Դէմ Զինուորական Հարուածները Պիտի Շարունակուին Մինչեւ Նպատակի Իրագործումը»

Պենիամին Նեթանիահու
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. «Կազայի դէմ զինուորական հարուածները պիտի շարունակուին մինչեւ նպատակի իրագործումը»: Ան ըսաւ, որ իրենց նպատակը Իսրայէլի քաղաքներուն հանդարտութիւնը վերականգնելն է եւ կրակոցի դադրեցումը:
«Մենք բոլոր ընտրանքները կը սերտենք եւ բոլոր հաւանականութիւններուն դիմակայման կը պատրաստուինք», ըսաւ ան` շեշտելով. «Կազային հասած բոլոր վնասներուն պատասխանատուն Համասն է»:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտնեց. «Իսրայէլի հետ յարաբերութեանց բնականոնացման հոլովոյթը դրական չենք ընկալեր, երբ Կազայի մէջ մեր եղբայրները կը սպաննուին: Իսրայէլ պէտք է անմիջապէս յարգէ զինադադարը»:
Իսրայէլեան օդուժը երէկ շարունակեց հարուածել Կազան, իսկ պաղեստինցիք հակադարձեցին հրթիռակոծելով իսրայէլեան բնակեցման վայրերը: Կազայէն արձակուած հրթիռներէն մէկը ինկաւ Աստոտի մէջ գտնուող վառելանիւթի կայարանի մը վրայ` պատճառելով զոհ մը եւ վիրաւորներ: Կազայէն արձակուած հրթիռներուն պատճառով Աշքոլի մէջ իսրայէլացի երկու զինուորներ վիրաւորուեցան, իսկ Պիր Սապահի մէջ` չորս բնակեցուածներ:
Միւս կողմէ, Քասսամի ջոկատները յայտարարեցին, որ երէկ արշալոյսին յաջողած են իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2¬րդ կայանի ալիքներուն տիրել եւ թշնամիին սպառնական պատգամ մը յղել:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ հինգշաբթի օր Իսրայէլի դէմ 141 հրթիռ արձակուած է, իսկ իսրայէլեան օդուժը Կազայի մէջ 220 թիրախ հարուածած է:

