Իսլամական Զինեալները Պաղտատէն Ոչ Հեռու Ռազմակայան Մը Գրաւած Են

1107isis«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն խմբաւորումը Իրաքի մէջ ռազմակայան մը վերցուցած է վերահսկողութեան տակ:

Ռազմակայանը կը գտնուի մայրաքաղաք Պաղտատէն 80 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք:

Կը նշուի, որ զինեալները ներխուժած են Մուքտատայիա քաղաքի սահմանին գտնուող ռազմակայան:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի յայտարարեց, որ Քրտական պլոքը կառավարութեան մէջ իր մասնակցութիւնը կ՛առկախէ` իբրեւ պատասխան վարչապետ Նուրի Մալիքիի արձակած ամբաստանութեանց:

Վերջինս յայտարարած էր, որ Քրտական ինքնավար մարզի մայրաքաղաք Էրպիլը ՏԱՀԵՇ խմբաւորման ռազմակայանը դարձած է:

 

Share this Article
CATEGORIES