Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս յայտնեց, որ Կազայի մէջ պատահածը արաբ ազգին եւ Միջազգային ընտանիքին ճակատներուն զետեղուած ամօթի կնիք մըն է:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Համտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ շրջանային զարգացումները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց Լիբանանի մէջ Չեխիոյ դեսպանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս երկու բանակներուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալաէտտին Թըրրօ շեշտեց, որ խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու իմաստով, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ համաձայնութիւն մը չկայ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ յայտնեց, որ Թրիփոլիի նկատմամբ նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրիի եւ Նեժիպ Միքաթիի վարուելակերպը ոճրային է: Ան հաստատեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրի գործադրութիւնը անբաւարար է:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ահմետ Ասիր տակաւին կը գտնուի պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այցելուները հաստատեցին, որ կառավարութեան մէջ պատահածը ուղղակիօրէն կապուած է խորհրդարանին մէջ տիրող մտայնութեան:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ երբ սէուտական-իրանեան համաձայնութիւն մը ծնի, այն ատեն է, որ մենք կրնանք հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրել:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Համաս շարժումի պատասխանատու Ալի Պարաքէ շեշտեց, որ ինք կը մերժէ յարանուանական սադրանքներն ու պաղեստինեան բախումները:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութիւնը նշեց, որ նախագահական ընտրութեան խոչընդոտումը շարունակելը Լիբանանի դէմ գործուած ոճիր է:
ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ուսամա Սաատ շեշտեց, որ Կազայի դէմ գործուած յարձակումներուն նպատակներէն մէկն է հարուածել պաղեստինցի ժողովուրդին միասնականութիւնը:
ՍԱՅՏԱՅԻ «Քուտս» մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտ յայտնեց, որ Կազայի մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը բացայայտած է պաղեստինեան դատը առեւտուրի վերածող մեղսակիցները:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ խստիւ դատապարտեց Կազայի դէմ սանձազերծուած իսրայէլեան բռնարարքները` հաստատելով, որ Լիբանանի ապահովական եւ սահմանադրական հաստատութիւններու մակարդակին արձանագրուած կայունութիւնը պաղեստինցիներուն համար ուժի աղբիւր է:

