Կալուածներու Եւ Կառոյցներու Սեփականատէրերը Դատապարտեցին Վարձքերու Օրէնքը Սահմանադրական Ատեանին Մօտ Վիճարկող Երեսփոխանները

1107rent lawԿալուածներու եւ կառոյցներու սեփականատէրերը երէկ բողոքի նստացոյցի մը ընթացքին խստիւ դատապարտեցին Սահմանադրական խորհուրդին մօտ վարձքերու օրէնքին վիճարկումը պահանջող երեսփոխանները` նկատել տալով, որ անոնց առած քայլը ոճրային է իրենց հաշուոյն:

Տանտէրերը նշեցին, որ կան մեծ թիւով հին շէնքեր, որոնք ենթարկուած են փուլ գալու` աւելցնելով, որ նման աղէտներու պարագային այդ երեսփոխաններն են անոնց պատասխանատուները:

Անոնք սպառնացին նաեւ վաճառել իրենց բնակարանները` աւելցնելով, որ Սահմանադրական խորհուրդին մօտ նման վիճարկումներ կը միտին կալուածներու սեփականատէրերուն եւ վարձուորներուն միջեւ տարակարծութիւններ ստեղծել:

Share this Article
CATEGORIES