Մաշնուք. «Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւնը Ուղղակիօրէն Կապուած Է Ամերիկեան-Իրանեան Եւ Սէուտական-Իրանեան Բանակցութիւններուն»

Մաշնուք` Ոսկերիչներու եւ գոհարավաճառներու սենտիքայի պատուիրակութեան հետ

Մաշնուք` Ոսկերիչներու եւ գոհարավաճառներու սենտիքայի պատուիրակութեան հետ

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք թուիթըրեան յայտարարութեամբ մը հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է ամերիկեան-իրանեան եւ սէուտական-իրանեան բանակցութիւններուն եւ ոչ թէ զուտ լիբանանեան որոշում է:

Միւս կողմէ, նախարարութեան կեդրոնին մէջ Մաշնուք ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու առումով նախարարութեան պատրաստութիւնները:

Էխհորեսթ դրուատեց ներքին գործոց նախարարութեան եւ ապահովական կառոյցներուն հետ գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին հետ համագործակցութիւնը:

Ան հաստատեց Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը ներքին գործոց նախարարութեան:

Մաշնուք ընդունեց նաեւ Ոսկերիչներու եւ գոհարավաճառներու սենտիքան, որ յուշանուէր մը յանձնեց Մաշնուքի` բարձր գնահատելով ներքին գործոց նախարարութեան ջանքերն ու աշխատանքները` երկրին անվտանգութիւնը պահպանելու առումով:

Նախարարութեան այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարար Հասան Մնայմնէ, Հիուար կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումի եւ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր:

 

Share this Article
CATEGORIES