Ժոմպլաթ Կոչ Ուղղեց Ընտրելու Հանրապետութեան Նախագահ Մը

Մունա Հըրաուի Ժոմպլաթին կը յանձնէ Էլիաս Հըրաուիի անուան մրցանակը

Մունա Հըրաուի Ժոմպլաթին կը յանձնէ Էլիաս Հըրաուիի անուան մրցանակը

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Եարզէի մէջ Էլիաս Հըրաուիի անուան մրցանակը ստանալու պահուն յոյս յայտնեց, որ հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրուի եւ դարձեալ որդեգրուի Լիբանանի չէզոք կեցուածքը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը փրկել:

Ժոմպլաթ յայտնեց, որ նախագահ Էլիաս Հըրաուիի օրով Թաէֆի համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ եւ անիկա գործադրուեցաւ, հակառակ իր բոլոր թերութիւններուն եւ առանց համայնքային դրութիւնը ջնջելու: «Սակայն հակառակ այդ իրողութեան, Թաէֆի համաձայնագիրը դարձաւ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանող հովանին», ըսաւ Ժոմպլաթ:

Share this Article
CATEGORIES