Վարչապետ Սալամ Մուքպելի Հետ Քննարկեց Իսրայէլեան Յարձակումին Մանրամասնութիւնները

Թուրքիոյ դեսպանը եւ վարչապետ Սալամ

Թուրքիոյ դեսպանը եւ վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի հետ:

Քննարկուեցան Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական զարգացումները:

Վարչապետ Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց երկիրը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Վարչապետ Սալամի այցելուներէն եղաւ Լեռնալիբանանի նահանգապետ Ֆուատ Ֆլէյֆել, որուն ընկերակցեցաւ զօր. Հասսան Ֆլէյֆել, որոնք վարչապետին յանձնեցին իրենց ընտանիքին մասին հրատարակուած նոր գիրք մը:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ:

Share this Article
CATEGORIES