Թրիփոլիի Եւ Աքքարի Ճամբաները Դարձեալ Փակուեցան` Պահանջելով Բանտարկեալներուն Ազատ Արձակումը

1107Tripoli

Նկար՝ The Daily Star

Ժապալ Մըհսենի բնակիչները երէկ փակեցին իրենց շրջանը Պապ Թըպպանէին կապող փողոցները` պահանջելով Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն հարցով ձերբակալուած ու բանտարկուած իրենց հարազատներուն ազատ արձակումը:

Թրիփոլին Աքքարի կապող Ապու Ալիի հրապարակը եւս մնաց փակ` նոյն պահանջով:

Մինչ ճամբաները կը մնային փակ, ներքին ապահովութեան ուժերը Թրիփոլիի մէջ զետեղեցին անցարգելներ եւ ստուգեցին անցորդներուն անձնաթուղթերը` կատարելով շարք մը ձերբակալութիւններ:

Իր կարգին, բանակի ջոկատ մը ուղղուեցաւ Թրիփոլիի կառավարական հիւանդանոց, ուր ձերբակալեց Մոհամետ Շաման, որ ծանօթ է Ապու Մուժահետ Տանտաշի անունով:

Երեկոյեան շէյխ Սալեմ Ռաֆիհի յայտնեց, որ իրենք ոչ մէկ հարց ունին ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ Թրիփոլիի մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրին առումով` շեշտելով, որ ինք կը մերժէ Ժապալ Մըհսենի մէջ կատարուած ձերբակալութիւնները:

Հիւսիսային Լիբանանի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը չի բաժներ բանակին եւ բանակի հրամանատարին դէմ երեսփոխան Մույին Մերեհպիի կատարած յայտարարութիւնները:

Պէտք է աւելցնել, որ երէկ երեկոյեան Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտա պահանջեց մահապատիժի վճիռը արձակել Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ռիֆաաթ Իտի եւ Ժապալ Մըհսենի ու Պապ Թըպպանէի զինեալ բախումներուն մասնակցած Ժապալ Մըհսենի զինեալ ճակատի երեք պատասխանատուներու դէմ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES