ՊԻԵԼՈՌՈՒՍԻՈՅ ՄԷՋ ՁԵՌՔԸ ԱՆԴԱՄԱՀԱՏՈՒԱԾ ՄԱՐԴ ՄԸ ՏՈՒԳԱՆՈՒԱԾ Է ԾԱՓԱՀԱՐԵԼՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Տուգանուած անձը

«Նիուզռhttps://archive.aztagdaily.com/wp-admin/post-new.phpու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Պիելոռուսիոյ Կրոտնօ քաղաքին մէջ Քոնսթանթին անունով անձ մը շուրջ երկու հարիւր տոլար տուգանքի ենթարկուած է` բողոքի լուռ ցոյցի մը ընթացքին ծափահարելուն համար: Սակայն ուշագրաւը այն է, որ խնդրոյ առարկայ անձը պարզապէս չի կրնար ծափահարել, որովհետեւ անոր ձեռքը անդամահատուած է:

Աւելի՛ն. ան դատապարտուած է հիմնուելով վկայութեան վրայ անհատի մը, որ տեսած է, թէ Քոնսթանթին ինչպէ՛ս «հասարակական վայրին մէջ կը ծափահարէր»:

Պիելոռուսիոյ նախագահ Լուքաշենքոյի բնորոշումով, բողոքի ցոյցերուն մասնակիցները կը փորձեն օգտուիլ երկրին մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակէն: Իսկ դեկտեմբերեան ցոյցերէն մէկէն ետք, ան առաջարկած է արգելափակուած ընդդիմադիրները արտաքսել Եւրոպա:

 

Share this Article
CATEGORIES