Կիրակի Օր Պիտի Սկսի «Ոսկէ Ծիրան» Շարժապատկերի Փառատօնը

11.07.14GoldenApricot«Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնին ընդառաջ Երեւանի քաղաքապետարանը կը փորձէ յաւուր պատշաճի ընդունիլ աշխարհահռչակ բեմադրիչները: Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ տրուած  ասուլիսի ընթացքին, երէկ քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան ըսած է, որ այդ գործիչներուն ներկայութիւնը պարտաւորեցնող է: 13 յուլիսին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ ծիրանօրհնէքի արարողութեամբ կը կայանայ փառատօնին հանդիսաւոր բացումը, որ ոչ միայն մեծ իրադարձութիւն է, այլեւ Երեւան քաղաքին տօնը:

Սուքիասեան տեղեկացուցած է, որ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան նոյնպէս յատուկ ընդունելութիւն նախաձեռնած է: «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան ըսած է, որ իրենց պիւտճէն քիչ է, սակայն մշակոյթի նախարարութիւնը, Երեւանի քաղաքապետարանը եւ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութիւնը այն օգնող երեք սիւներն են, որոնք կարելի կը դարձնեն փառատօնին կայացումը: Նոր ծրագիրներ կը նախատեսեն քաղաքապետարանի հետ, միւս տարի քաղաքի տարբեր անկիւններուն պիտի տեղադրուին պաստառներ, որպէսզի ոչ մէկ քաղաքացի անմասն չմնայ շարժապատկերի տօնէն:

Բեմադրիչը նաեւ նշած է, որ «Ոսկէ ծիրան»-ի օրերուն Հայաստանի մէջ զբօսաշրջիկներու քանակի կտրուկ աճ կը նկատուի: «Կարծես միայն կեդրոնացած ենք «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին վրայ եւ օրինակ` Շենգաւիթի մէջ ապրողները չեն կրնար մասնակից ըլլալ մեր տօնին, պէտք է այդ խնդիրը յառաջիկային լուծուի: Նոր փառատօն որոշած ենք հիմնադրել Երեւանի քաղաքապետարանին հետ` ժողովրդագրական ժապաւէններու փառատօն, որ կ՛ըլլայ կա՛մ առանձին փառատօն կա՛մ «Ոսկէ ծիրան»-ի ծիրին մէջ` առանձին փառատօն», ըսաւ Յարութիւն Խաչատրեան:

Share this Article
CATEGORIES