Ուորլիք. «Մինսքի Խմբակը Հաւատարիմ Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Խաղաղ Լուծման»

Ճէյմս Ուորլիք
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք, որ կը գտնուի Վարշաւա, «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրները` Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան եւ Ֆրանսան միասնական տեսակէտ ունին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման շուրջ միասնաբար աշխատելու հարցին մէջ:
Նախապէս ան գրած էր, որ Ուաշինկթընէն կը մեկնի ԵԱՀԿ-ի համանախագահներուն հետ հանդիպում ունենալու համար:
«Այսօր կը մեկնիմ Ուաշինկթընէն` հանդիպելու համար ԵԱՀԿ-ի համանախագահներուն հետ` քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման յաջորդ քայլերը: Սթաթիւս քոն հետզհետէ աւելի վտանգաւոր կը դառնայ», գրած էր ամերիկացի համանախագահը:
CATEGORIES Հայկական

