Օպամա Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Պաշտօնին Առաջադրած Է Ռիչըրտ Միլզի Թեկնածութիւնը

Ռիչըրտ Միլզ

Ռիչըրտ Միլզ

«Ասպարէզ»` վկայակոչելով Սպիտակ տան յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա հինգշաբթի օր Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար առաջադրած է Ռիչըրտ Միլզի թեկնածութիւնը:

Ծերակոյտին կողմէ հաստատուելու պարագային, Միլզ պիտի փոխարինէ գործող դեսպան Ճոն Հեֆըրնը:

«Ես երախտապարտ եմ, որ այս տպաւորիչ անձերը որոշած են իրենց տաղանդը նուիրել ամերիկացի ժողովուրդին ծառայելու նպատակին` մեր երկրին համար այս կարեւոր ժամանակներուն մէջ: Ես անհամբեր կը սպասեմ անոնց հետ աշխատելու գալիք ամիսներուն եւ տարիներուն», հինգշաբթի օր ըսած է Օպաման Միլզի եւ դեսպանական պաշտօններու համար առաջադրուած մնացեալ թեկնածուներուն մասին:

Ռիչըրտ Միլզ 2012-էն սկսեալ կը վարէ Պէյրութի մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխդեսպանի պաշտօնը: Ան 1988-էն սկսեալ աշխատած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, ապա դարձած է նորանկախ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի բաժանմունքի պատասխանատուն, որմէ ետք աշխատած է Ռուսիոյ մէջ Ս. Փեթերսպուրկի Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսութեան մէջ:

Միլզ կը տիրապետէ ֆրանսերէնի եւ ռուսերէնի:

Միլզի թեկնածութեան առաջադրման մասին նորութեան արձագանգած է Միացեալ Նահանգներու ներկայիս դեսպան Ճոն Հեֆըրն:

«Ռիքին ըսած եմ, որ եթէ հաստատուի, ատիկա աշխարհի մէջ լաւագոյն աշխատանքն է», Հեֆըրն գրած է «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES