Նախագահ Սարգսեանի Հանդիպումը` Ուրուկուէյահայ Համայնքին Հետ
Պետական այցելութեամբ Ուրուկուէյ գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցի:
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ուրուկուէյի թեմի առաջնորդ Յակոբ արք. Գլնճեանի ողջոյնի խօսքէն ետք Սերժ Սարգսեան, դիմելով եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած ուրուկուէյահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, նշեց, որ ուրախ եւ հպարտ է հեռաւոր Ուրուկուէյի մէջ տեսնելու այսպիսի ազդեցիկ եւ կազմակերպուած համայնք:
«Հպարտ եմ, որ դուք կրցած էք ձեր գործունէութեամբ ո՛չ միայն հայաշունչ մթնոլորտ պահել, ո՛չ միայն ձեր զաւակներուն ըսել, որ իրենք հայ են` ըլլալով Ուրուկուէյի քաղաքացի, այլ նաեւ` յարգանք կը վայելէք եւ շահած էք այդ յարգանքը Ուրուկուէյի մնացեալ բոլոր քաղաքացիներուն կողմէ: Մենք իրարմով հզօր ենք, մենք միասին հզօր ենք, եւ մենք միայն միասին կրնանք հասնիլ մեր ազգային իղձերու իրականացման», շեշտեց նախագահ Սարգսեան:
Հանրապետութեան նախագահը ծաղկեպսակ զետեղեց եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ յարգանքի տուրք մատուցեց:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան այնուհետեւ ՀԲԸՄ Նուպարեան վարժարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ուրուկուէյի հայ համայնքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ բարերարներուն հետ:
Հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման, հայապահպանութեան գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին, ինչպէս նաեւ` աշխուժ հասարակական եւ բարեգործական գործունէութեան համար ՀՅԴ-ի եւ Հայ դատի Ուրուկուէյի ներկայացուցիչ Արփի Հոչաչանեան, բարերար Կարապետ Փիլաւջեան, Ուրուկուէյի Արեւելեան Հանրապետութեան զբօսաշրջութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Լիլիան Քէշիշեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրով պարգեւատրուեցան Մովսէս Խորենացի մետալով:
Նախագահը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար Մխիթար Գոշի մետալով պարգեւատրեց ծերակուտական Ռաֆայել Միքելինը եւ Ուրուկուէյի խորհրդարանի անդամ Ռուբէն Մարթինես Ուելմոն: Նախագահ Սերժ Սարգսեան յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւները, շնորհաւորեց զանոնք եւ մաղթեց յաջողութիւններ:

